
14 Յունիսին Մատենադարանին մէջ սկսած է «Գրանշան 2012» համաժողովը՝ նուիրուած լատինատառ գիրեր չգործածելու հարցին։ Կազմակերպիչները այս նիւթը ընտրած են նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ տառատեսակներու միջազգային մրցումներուն ու համաժողովներուն ընթացքին հիմնականօրէն գերիշխող են լատինական տառատեսակներուն նուիրուած գիտական հաւաքներն ու քննարկումները, եւ այբբենական համակարգերը կը մնան լուսանցքի վրայ։ Հայ եւ օտար մասնագէտները 14-16 Յունիսին կը քննարկեն այս բնագաւառի առնչուող հարցեր։
Յաճախ պաշտօնական գրութիւնները, հաղորդագրութիւնները կամ անձնական նամակները կը հասնին անհասկանալի տառերով կամ նշաններով: Կարդալու համար ստիպուած տարբեր տեսակի գործողութիւններ կը կատարես։
Տառատեսակները տեղեկատուական արհեստագիտութեան հիմնական հարցերէն է։ Հայկական տառատեսակներու ամբողջական եւ լիարժէք համակարգ չկայ համացանցին վրայ, հայկական տառերուն առնչուող խնդիրներ կան բջջային հեռախօսներուն մէջ, գրահրատարակչութեան բնագաւառին մէջ:
2010ին կառավարութիւնը որդեգրեց պետական տառատեսակներ՝ «Գրապալատ» եւ «Մարիամ» անուններով: Մասնագէտներու համաձայն, ասոնց տարածման համար ժամանակի կարիք կայ։
«Պէտք է մարդկանց բացատրել , որ այն, ինչ արւում է, արւում է միայն բարելաւելու նպատակով, միայն հայկական տառատեսակները որակեալ, միջազգային չափանիշներին հասցնելու նպատակով», ըսաւ Հայաստանի ազգային գրապալատի Հայկական տառատեսակներու մշակման եւ պահպանման բաժինի վարիչ Էդիկ Ղաբուզեանը:
«Գրանշան 2012» համաժողով առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը գումարուի Հայաստանի մէջ: Մասնագէտներուն համաձայն, այս հարցը միայն հայերէնին չի վերաբերիր, այլ յունարէնը, արաբերէնը եւ այլ լեզուներ եւս նոյն թերութիւնները ունին։
«Այսօր անգլերէնը եւ լատինական տառատեսակները գերիշխող են: Շատեր կարելիութիւն չունին օգտագործելու իրենց մայրենի լեզուն: Այդպիսով մենք կը կորսնցնենք մեր այբբենական համակարգերու տառատեսակները: Այս համաժողովի նպատակը այդ խնդիրներուն անդրադառնալն է», դիտել տուաւ Միւնխենի տպագրական ձեւաւորողներու միութեան նախագահ Պորիս Կոհանը:
Համաժողովին ընթացքին մշակոյթի նախարարութեան պատուոյ գիրեր եւ մետալներ յանձնուած են հայկական տառատեսակներու ստեղծման իմաստով ներդրում ունեցած մասնագէտներուն:
«Գրանշան» տառատեսակներու տարեկան մրցումը 5րդ տարին ըլլալով կը կայանայ։ Մրցումի մասնակիցները կը ներկայացնեն տառատեսակի ստեղծման, նախագծման եւ տարածման իրենց տարբերակները՝ «եունիքոտ» դրութեամբ։
Մասնագիտական շրջանակներէն բացի, ոմանք կը փորձեն անձամբ զբաղիլ հայկական տառատեսակները տարածելով եւ քաջալերել այդ մէկը։ Վերջին շրջանին ընկերային ցանցերուն մէջ յաճախ կոչեր կ՛ուղղուին՝ նշումները կամ գրութիւնները տեղադրելու միայն հայերէնով։ Ոմանք նոյնիսկ սկսած են չարձագանգել լատինատառ նամակներուն ու գրութիւններուն: