
12 Յունիսին Տէրեանի արձանի հարեւանութեամբ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, հրապարակախօս Յուսիկ Արայի «Միայնակ շան լուսնահա»չ վիպակի շնորհահանդէս-վաճառքը՝ նուիրուած «Փր-կենք Լուսինէ Վայաչեանին» խորագիրով շարժումին: Գիրքը նորահրատարակ է եւ հեղինակը շնորհահանդէսն ու շարժումը միացուցած է, քանի որ գիրքի վաճառքէն գոյացած ամբողջ գումարը տրամադրուած է լրագրող, արձակագիր Լուսինէ Վայաչեանի բուժման:
Լուսինէ Վայաչեանը նշեց, որ այս քայլը անակնկալ էր իրեն համար եւ ինք միայն երկու օր առաջ գիտցած էր այս շարժման մասին։ Ան հաստատեց, որ իրեն նկատմամբ մարդոց տածած սէրը անպայման պիտի օգնէ, որ ինք փրկուի։
Բանաստեղծ Յուսիկ Արայի համաձայն, «Միայնակ շան լուսնահա»չը իրեն համար շատ հարազատ գիրք է, քանի որ անիկա նուիրուած է իրեն համար շատ թանկագին ու հարազատ անձի մը՝ մօրը Արշալոյսին, եւ երբ գիտցած է, որ գրչընկերը հիւանդ է, որոշած է օգնել իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ։
«Միայնակ շան լուսնահա»չը վիպակը հեղինակին առաջին գեղարուեստական արձակ ստեղծագործութիւնն է, որ 2011ին արժանացած է Համաշխարհային հայկական կոնգրեսի, Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան կողմէ սահմանուած «Արդի հայ արձակ. 21րդ դար» գրական մրցանակին: Վիպակը հրատարակուած է բանաստեղծին ընկերոջ՝ Հայկ Չօպանեանի հովանաւորութեամբ: