Փասատինայի Հայ Օգնութեան միութեան «Սօսէ» մասնաճիւղը 2011-12 տարեշրջանը իր աւարտին հասցուց յաջողութեամբ։
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով, վարչութիւնս կազմակերպած էր Ապրիլեան ոգեկոչման դասախօսութիւն մը՝ Փասատինայի գաղութին համար. անիկա տեղի ունեցաւ Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ, Ապրիլ 10ին։ Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ մասնաճիւղի ատենապետուհին տոքթ. Էմմա Օշական, որ քանի մը տողով անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ տառապանքներուն՝ շեշտը դնելով ներկայ սերունդին, որ երրորդ սերունդն է Ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն, ինչպէս նաեւ անոր յառաջխաղացքին եւ միջազգային համբաւին վրայ: Ան նշեց, որ այս սերունդը զանազան ուղղիներով հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կը ծանօթացնէ ամբողջ աշխարհին՝ արդարութիւն պահանջելով քաղաքականօրէն հզօր պետութիւններէն։
Ապա, այդ սերունդը ներկայացնող երկու դասախօսներուն կարճ կենսագրական գիծերը կարդացուելէ ետք, հերթականօրէն բեմ հրաւիրուեցան Արա Օշական եւ Սուզան Տուզմանեան։
Արա Օշական, մասնագիտութեամբ՝ լուսանկարիչ, որուն գործերուն նիւթերը խաչաձեւումներ են ինքնութեան, գաղութի եւ յիշողութեան։ Արան խօսեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նկարները վերածել կենդանի արխիւներու. ան բացատրութեամբ եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկաներուն միտքերը փոխադրեց դէպի Ցեղասպանութեան ճանաչում, դէպի Հայ Դատ։
Սուզան Տուզմանեան՝ հարազատ դէմք մը Փասատինայի գաղութին։ Ան Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ցեղասպանութեան ծրագիրին համադասողն է. ան խօսեցաւ հանրային վարժարաններու մէջ Ցեղասպանութեան դասընթացքներու եւ դասաւանդող ուսուցիչներ պատրաստելու մասին։ Հաւատալով միութենական եւ կամաւոր աշխատանքի կարեւորութեան՝ ան քաջալերեց ներկաները որ մասնակից դառնան գաղութի աշխատանքներուն եւ կարենան փոփոխութիւն մը ընել։
Արա Օշական լուսանկարներու ընդմէջէն կը կենդանացնէ մեր դարաւոր պատմութիւնը, իսկ Սուզան Տուզմանեան մեր դարաւոր պատմութիւնը վարժարաններու ընդմէջէն կը փոխանցէ նոր սերունդին։
Ներկաները հետաքրքրութեամբ եւ մեծ գնահատանքով հետեւեցան դասախօսութիւններուն, որոնց աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան եւ հիւրասիրութիւն։
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
Մայիս ամսուն ամէնէն գեղեցիկ տօներէն մէկն է Մայրերու Օրը։ «Սօսէ» մասնաճիւղի Մայրերու օրը, Համբարձման տօնակատարութիւնը եւ ուխտի արարողութիւնը տեղի ունեցան, Շաբաթ, Մայիս 12ին, կ.ա. ժամը 11։30ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ, մեծ թիւով հիւրերու եւ համակիրներուն ներկայութեամբ։
Օրուան հանդիսավարը բարի գալուստի խօսքէն ետք, շեշտեց Մայ-րերու օրուան տօնախմբութեան կարեւորութիւնը՝ շեշտը դնելով հայ մօր եւ ՀՕՄուհիի դերին վրայ՝ նշելով, որ անոնք կենսական դեր կատարած են եւ կը կատարեն համահայկական կեանքին մէջ՝ մնալով ամրօրէն կարչած մեր բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներուն, մեր աւանդութիւններուն եւ համազգային իտէալներուն։
«ՀՕՄուհին՝ այսօրուան մայրը, պատնէշի վրայ հաստատ կանգնած կը դաստիարակէ հայ ժողովուրդի զաւակները, որպէս իր հարազատը», աւելցուց ան։
Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ ուխտի արարողութիւն՝ կնքամայրութեամբ մասնաճիւղիս ժրաջան անդամներէն Կարինէ Բարիկեան-Սէթեանի։ Երկու նորագիրներ՝ Թամար Ուրիշեան եւ Սանիրէ Հապոյեան, միացան «Սօսէ» մասնաճիւղի ազգանուէր ընկերուհիներուն։
Մինչ տեղի կ՛ունենար ճաշի սպասարկութիւնը, ներկաները հաճոյքով վայելեցին հայկական աշուղական եւ ժողովրդական երգեր, կատարողութեամբ՝ Գագիկ Պատալեանի։ Ըստ հայկական աւանդութեան՝ տեղի ունեցաւ Համբարձման տօնի վիճակախաղը եւ Փասատինայի պատանիներն ու երիտասարդուհիները մեզի ներկայացուցին «Անուշ» օփերայէն պատկեր մը, ղեկավարութեամբ՝ Վարդուհի Սահակեանի:
Յայտագիրի վերջին մասը յատկացուած էր «Սօսէ» մասնաճիւղին՝ աւանդութիւն դարձած մայրեր մեծարելու արարողութեան։ Այս տարի մեծարուեցան երեք տիպար ՀՕՄուհի մայրեր՝ Ալիս Գիլէճեան, Եսթեր Աւետիքեան եւ Աստղիկ Հապոյեան, որոնք իրենց անձնուէր գործունէութեամբ մաս կը կազմեն ՀՕՄի մեծ ընտանիքին՝ միշտ սատար հանդիսանալով «Սօսէ» մասնաճիւղի գործունէութիւններուն։
Իւրաքանչիւր մեծարեալի կենսագրական գիծերը կարդացուելէ ետք, անոնց յանձնուեցաւ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէրներ: Մեծարանքի այս պահը հրճուանքով եւ յուզումով լեցուց ներկաներէն իւրաքանչիւրին հոգին։
Ձեռնարկին պատգամը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի տոթք. Էմմա Օշական, շեշտը դնելով հայ մօր անզուգական նուիրումին վրայ, որ հիմքն է հայ ընտանիքի եւ մեր մշակոյթի գոյատեւման։ Հայ մայրը կամ հայ կինը իր ամուսնոյն կողքին ամուր կանգնած՝ կ՛օժանդակէ իր ընտանիքի զգացական, ֆիզիքական եւ նիւթական կարիքներուն՝ միաժամանակ ծառայելով զանազան ազգանուէր ասպարէզներու մէջ, ըլլան անոնք կրթական, ուսումնական, քաղաքական եւ ընկերային։ Այս երեւոյթի փաստերէն ամենամեծը կարելի է սեպել մեր միութիւններէն ամէնէն երկարակեացը՝ ՀՕՄը, որ իր յաղթական երթով 100 տարի բոլորելէ ետք, 100 տարի եւս իր հրաշագործ անդամուհիներով պիտի շարունակէ իր ազգանուէր պարտականութինը։ Ապա, ան շնորհաւորեց նորագիր ընկերուհիները՝ անոնց յանձնելով ՀՕՄի նշանով վզնոց մը. ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, նուիրատուներուն եւ յայտագիրին մաս կազմող իւրաքանչիւր անդամի։
ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
«Սօսէ» մասնաճիւղի միօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Մայիս 21ին, «Ուեպսթըր» վարժարանի սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 6ին, ծնողներու, մեծ հայրերու ու մայրերու եւ ՀՕՄուհիներու ներկայութեամբ։
Յայտագիրը սկսաւ ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներով, որոնց յաջորդեց «Հայ աշակերտին ուխտը»։ Մասնաճիւղի անդամներէն եւ «Սօսէ» վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Կիցինեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք հաւատալով հայեցի դաստիարակութեան՝ իրենց զաւակները վստահեցան վարժարանին։
Վարչութեան ատենապետուհին խօսք առնելով շեշտեց ՀՕՄի միօրեայ վարժարաններու կարեւորութիւնը, որ միութեան բազմածաւալ աշխատանքներուն առաջնահերթ ծրագիրներէն մէկն է, ապա անդրադարձաւ մասնաճիւղիս միօրեայ «Սօսէ» վարժարանի ազգային եւ հայեցի դաստիարակութեան, ուսուցչուհիներու զոհողութեան, կամաւոր ՀՕՄուհիներու ծառայութեան եւ մասնաճիւղիս բոլոր անդամներուն, որոնք անխոնջ կը հետեւին եւ կ՛աջակցին դպրոցի ծրագիրներուն։
Աշակերտները գեղեցկօրէն պատրաստուած յայտագիր մը ներկայացուցին ներկաներուն՝ արտասանութիւններով, երգ ու պարով։ Պարգեւատրուեցան ուսուցչուհիներ եւ կամաւոր ՀՕՄուհիներ։ Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
* * *
Վայելելով հովանաւորութիւնը ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան՝ «Սօսէ» մասնաճիւղը տարի մը եւս բոլորեց իր բեղուն գործունէութեամբ՝ ձեռնարկներով եւ հանդէսներով լի։ Այս բոլոր ձեռնարկներուն ընդմէջէն եւ շնորհիւ ՀՕՄուհիներու հաւաքական ուժերուն, մասնաճիւղս կրցաւ իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերել ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի զանազան ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն, որբերու հոգատարութեան ֆոնտին, համահայկական եւ Հայ Դատի թելեթոններուն, քոյր մասնաճիւղերուն եւ միութիւններուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկային պիտի պարգեւատրէ Փասատինայի հանրային վարժարաններու շրջանաւարտներէն արժանաւոր հայ աշակերտներ։
Վարձքը կատար բոլորին։
(Թղթակցութիւնը՝ վարչութենէն)