ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Յունիս 1ին հաղորդեց, թէ Մայիս ամսուան ընթացքին աշխատանքի 69,000 նոր կարելիութիւններ ստեղծուած են, սակայն նկատի ունենալով, որ աշխատանք փնտռողներուն թիւը աւելիով աճած է այդ ամսուան ընթացքին, ուստի անգործութեան համեմատութիւնը 8.2 տոկոսի բարձրացած է՝ Ապրիլին արձանագրուած 8.1 տոկոսին փոխարէն:
Տնտեսագէտներ կ՛ակնկալէին 158,000 նոր աշխատատեղիներու գոյացում Մայիս ամսուան ընթացքին, սակայն սեփական մարզը կրցած է միայն 82,000 աշխատատեղի ստեղծել, մինչ պետական մարզը գործէ արձակած է մօտաւորապէս 13,000 պաշտօնեայ: