
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- «Բռնագրաւուած Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարակից շրջանները վերահսկող անջատողական վարչակարգը չի ճանչցուիր ոչ մէկ երկիրի կամ միջազգային կազմակերպութեան, ներառեալ՝ ՄԱԿի կողմէ», Ուրբաթ, Յունիս 1ին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլլաեւ՝ մեկնաբանելով ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դիմումը ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին եւ Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն յանձնելու արարքը:
Պնդելով, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնահռչակ կառավարութիւնը նորէն կը փորձէ կեղծել պատմական փաստերը»՝ Ապտուլլաեւ ընդգծած է, որ միջազգային համայնքը՝ «Լեռնային Ղարաբաղը եւ անոր յարակից եօթը շրջանները Ատրպէյճանի տարածքներ կը նկատեն», եւ աւելցուցած է, որ այս քայլը «խաղաղ բանակցութիւնները խափանելու եւ համաշխարհային հանրութիւնը մոլորութեան մէջ ձգելու Հայաստանի հերթական փորձն է»: