ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ տարաբախտ ազգակիցներու օգնութեան ձեռք երկարելու պատրաստ մարդիկ կան, եղած են ու միշտ պիտի ըլլան:
Անտուն, հիւանդ, թշուառ, անգործ մարդիկ ու ընտանիքներ, ծանր վիճակի մէջ գտնուող նախկին ազատամարտիկներ, բազմազաւակ ընտանիքներ, կրթաթոշակ վճարելու անկարող տաղանդաւոր ուսանողներ, անկեալներ ու հաշմանդամներ՝ մարդիկ, որոնք աջակցութեան կարիք ունին, մարդիկ, զորս ընկերութիւն ու պետութիւն մոռցած են կամ քիչ կը յիշեն:
Սրտցաւ մարդիկ, գործարարներ, համեմատաբար աւելի բարւոք վիճակի մէջ գտնուողներ, երբ իմանան այս վիճակի մէջ գտնուողներուն մասին, կրնայ ըլլալ որ փափաքին ձեռք երկարել անոնց: Ձեռք երկարելու համար նախ պէտք է ունենան անոնց հասցէն: Մամուլի մէջ յաճախ լոյս կը տեսնեն լուրեր նման կացութեանց մէջ գտնուող անձերու կամ ընտանիքներու մասին: Եթէ գիւղացիներ են, ապա դիւրաւ կարելի է գտնել ու հասնիլ անոնց: Քաղաքացիներու պարագային՝ տեղեկագրող թերթին միջոցաւ պիտի ըլլայ կապը:
Գտնելէն աւելի դժուարը՝ աջակցութիւնը կարօտեալին հասցնելն է: Ի՞նչ ճամբով:
Բարեսիրական կազմակերպութիւնները այստեղ անփոխարինելի դեռ կրնան խաղալ: Անոնք մշտապէս պէտք է յիշեցնեն հասարակութեան, թէ իրենք պատարստ են բարեսէր մարդոց ազնիւ արարքներուն ընդառաջել, օժանդակել, որպէսզի կարօտեալները գտնուին, ու աջակցութիւնը հասնի անոնց:
Այսօրուան «Ասպարէզ»ով (էջ 5) մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք 11 զաւակներ ունեցող կարօտեալ ընտանիքի մը պարագան: Բազմազաւակութիւնը քաջալերել խօսքով միայն՝ անիմաստ է, եթէ պիտի չկարենանք բազմազաւակ ընտանիքներուն (այստեղ թէ հայրենիքի մէջ) օգնել:
Ահա մարտահրաւէրը: Օգնե՛նք այս ընտանիքին: Թող բարեսիրական միութիւնները մեզ յուշեն՝ ինչպէ՞ս: