ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».- 29 Մայիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Չեխիոյ Հանրապետութեան գործերու հաւատարմատար Փեթըր Միկիսքայի հանդիպումին ընթացքին յայտարարութիւն կատարուած է Երեւանի մէջ Չեխիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բացման մասին:
Նալբանդեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Երեւանի մէջ Չեխիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հիմնումը նոր լիցք կը հաղորդի հայ-չեխական համագործակցութեան առաւել զարգացման։
Չեխիոյ գործերու հաւատարմատարը իր կարգին վստահեցուցած է, որ առաւելագոյնը պիտի կատարէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու ծիրը ընդարձակելու եւ զանոնք ամրապնդելու համար։
Փրակայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է 22 Նոյեմբերին։