ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական այսպէս կոչուած «Հայերու անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն»ը եւ ատրպէյճանական «Իրաւունքի եւ արդարութեան» շարժում կազմակերպութիւնը, հայերու դէմ միասնաբար պայքարելու արձանագրութիւն ստորագրած են: Անոնք որոշած են հայկական Սփիւռքին դէմ հանդէս գալ միացեալ ուժերով. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքը:
Կազմակերպութիւններու ղեկավարները որոշած են հակադարձել հայկական լոպիին, յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերուն կապակցութեամբ: Անոնք նաեւ պիտի փորձեն միջազգային հանրութեան մօտ հայերը ներկայացնել իբր «թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու դահիճներ»: