ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Մայիս 27ն տօնն է Հոգեգալստեան, որ այս տարի կը զուգադիպի Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնի՝ Մայիս 28ի, նախօրեակին։
Զոյգ տօներուն առիթով, Կիրակի, Մայիս 27ին, Ս. պատարագ եւ համապատասխան արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Տնօրինութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, յընթացս Ս. պատարագի տեղի պիտի ունենայ Հանրապետական մաղթանք եւ հայկական Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, իսկ յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Հանրապետութեան կերտման համար մղուած բոլոր հերոսամարտերուն ընթացքին ինկած նահատակներու յիշատակին։
Ժողովուրդը հրաւիրուած է ներկայ ըլլալու արարողութեանց ու վերանորոգելու հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեան ուխտը։