ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ատրպէյճանական պատուիրակութեան անդամները, որոնք Երեւանի մէջ մասնակցած են Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի 39րդ լիագումար նիստին, զգոյշ եղած են հայերու հետ կապ հաստատելէ եւ նոյնիսկ չեն մասնակցած կազմակերպուած ընթրիքին։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան:
Խօսելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ տարածուած այն լուրերուն մասին, թէ իրենց պատուիրակութիւնը Երեւանին մէջ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ, իսկ աւելի ուշ միեւնոյն լուրի հերքումին՝ Ազգային ժողովի նախագահը ըսաւ. «Նրանք առանձին ընթրեցին, անգամ միւս պատուիրակութիւններից, որպէսզի նման հնարաւոր իրավիճակներից զերծ մնան: Իրենց մօտ, ի տարբերութիւն մեզ, շատ վատ է հասարակական ու պետական մօտեցումը բոլոր նրանց նկատմամբ, ովքեր կը փորձեն հայերի հետ ունենալ շատ ջերմ յարաբերութիւններ՝ հասարակական կարծիքը նրանց շատ ուժեղ կը պատժի»։
Իր ու ատրպէյճանցի պատուիրակներուն հետ յարաբերութիւններուն մասին խօսելով՝ Ս. Նիկոյեան նշեց, որ Երեւան եկած է ատրպէյճանցի պատգամաւոր մը, որ ծնունդով Սիսիանի Ուռուտ գիւղէն է, եւ երբ եօթը տարի առաջ նմանատիպ ժողովի մասնակցելու նպատակով ան ժամանած էր Հայաստան, այն ատեն պատգամաւոր Սամուէլ Նիկոյեանը անոր ուղեկցած է այդ գիւղը: Ըստ Նիկոյեանի, ինք ականատես եղած էր պատգամաւորին մարդկային ապրումներուն, ու անկէ ետք իրենք մտերիմ յարաբերութիւններ ունեցած են, եւ այսօր ալ բաւական ջերմ կերպով իրարու բարեւած են։ «Ես կարծում եմ Հայաստանում որեւէ մէկը դա բացասաբար չի ընդունի, մինչդեռ այլ խնդիր է, թէ ինչպէ՞ս դրան կը վերաբերեն Ատրպէյճանում», աւելցուց ան:
Ի տարբերութիւն ատրպէյճանցիներուն, Թուրքիոյ պատուիրակները չեն խուսափած հայ պատգամաւորներուն հետ կապ հաստատելէ, նոյնիսկ անոնք մասնակից եղած են ընթրիքին. «Շատ լաւ էլ մասնակցել են, շատ լաւ, աշխատանքային մթնոլորտ է»:
Ս. Նիկոյեան նշեց, որ միջազգային տարբեր վեհաժողովներու ընթացքին իրարու հետ աշխատող պատգամաւորներ իրարու հետ լաւ, աշխատանքային յարաբերութիւններ կ՛ունենան՝ նշելով, որ նման կապեր կան նաեւ ատրպէյճացիներուն հետ: «Բայց որ սահմանները փակ են՝ ի հարկէ վատ է. դա նշանակում է, որ այս կազմակերպութիւնը չի կարողանում իր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները լուծել», ընդգծած է Ազգային ժողովի նախագահը։