
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային Ներում կազմակերպութիւնը Հինգշաբթի, Մայիս 24ին խստօրէն քննադատած է Ատրպէյճանի մէջ շարունակուող մարդկային իրաւունքներու խախտումները եւ զանոնք չդատապարտելու «Եւրոտեսիլ 2012» մրցումի կազմակերպիչներուն դիրքորոշումը՝ աւելցնելով, թէ այս կրաւորական կեցուածքը ճամբայ կը բանայ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց վիճակի վատթարացման առջեւ:
Կազմակերպութիւնը քննադատած է յատկապէս վերջին քանի մը օրերու ընթացքին խաղաղ ցոյցերը դաժանաբար ցրելու Ատրպէյճանի ապահովական մարմիններու քայլերը:
Կազմակերպութիւնը նաեւ մտահոգ է տեղացի մարդկային իրաւանց պաշտպան գործիչներուն վիճակով, որովհետեւ անոնք կրնան աւելի խիստ վերաբերմունքի ենթարկուիլ իշխանութեանց կողմէ, «Եւրոտեսիլ 2012»էն ետք: Պետական թերթերը արդէն սկսած են հետանդելու «Երգէ ժողովրդավարութեան համար» քարոզարշաւի պատասխանատուները: