ԹԻՖԼԻՍ.- Վրացական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յանձնարարականին հիման վրայ, Վրաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ գտնուող Դաւիթ Կարեճի վանական համալիրի օգտագործման գծով համաձայնութիւն գոյացած է՝ վերջ տալով ատրպէյճանական կողմին ստեղծած տագնապին:
Կողմերը համաձայնած են, որ ատրպէյճանցի սահմանապահները պիտի վերադառնան Մայիս 6ի իրենց դիրքերուն ու վրացի եւ օտար զբօսաշրջիկներուն պիտի արտօնեն մուտք գործել վանական համալիրի այն մասէն ներս, որ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ կը գտնուի, իսկ վրացական կողմը պիտի երաշխաւորէ, որ զբօսաշրջիկները համալիրէն դուրս գտնուող ատրպէյճանական տարածքներ մուտք չգործեն: