
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Միջնադարեան մեծ գիտնական Անանիա Շիրակացիի 1400ամեակի յոբելեանական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ 24-28 Սեպտեմբերին պիտի կայանայ «Աստղագիտական ժառանգութիւնը ազգային մշակոյթին մէջ» նիւթով միջազգային պատմաաստղագիտական գիտաժողով։ Անիկա նուիրուած է Շիրակացիի աստղագիտական ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ աստղագիտական արժէք ներկայացնող նիւթական եւ ոչ նիւթական յուշարձաններու ուսումնասիրութեան:
Հայկական աստղագիտական ընկերութեան համաձայն, Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ 15-23 Սեպտեմբերին պիտի կազմակերպուի երիտասարդ աստղագէտներու միջազգային դպրոց, տարուան ընթացքին պիտի կատարուի Հայաստանի պատմաաստղագիտական ժառանգութեան ուսումնասիրութիւն եւ համակարգում, պիտի հրատարակուին շարք մը գիրքեր: ԳԱԱի «Գիտութեան աշխարհում» հանդէսի թիւ մը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Անանիա Շիրակացիին, պիտի պատրաստուի նաեւ Շիրակացիի թուային շտեմարանի եւ պիտի բացուի համապատասխան կայքէջ, հասարակութիւնը Շիրակացիին աշխատանքներուն ծանօթացնելու նպատակով պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ դպրոցներուն ու համալսարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի կայանան այլ ձեռնարկներ։
Նշենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕն նշանաւոր անձերու յոբելեաններու 2012ի ցանկին վրայ նկատի առած է Անանիա Շիրակացիի 1400ամեակը: Հայաստանի վարչապետին գլխաւորութեամբ ստեղծուած է յոբելեանական յանձնաժողով: