
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Սալամնիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հարաւային Իրաքի Պասրա քաղաքի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ Կիրակի, Մայիս 20ին տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները Թուրքիոյ դրօշակը այրած են: Ցոյցին մասնակիցները իրենց վրդովմունքը յայտնած են թրքական կառավարութեան դէմ, որ ապաստան կու տայ շիիներու դէմ ահաբեկչութիւններ կազմակերպելու յանցանքով ամբաստանուած Իրաքի սիւննի նախկին փոխնախագահ Թարիք Հաշիմիին: Ցուցարարները հիւպատոսարանի աշխատակիցներուն փոխանցած են նամակ մը, որուն մէջ թրքական կառավարութեան 15 օրուան պայմանաժամ կը տրուի Հաշիմին Պաղտատի յանձնելու համար: «Հակառակ պարագային՝ պիտի վտանգուին Թուրքիոյ շահերը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ քննադատուած են Սուրիոյ ներքին գործերուն միջամտելու Թուրքիոյ ջանքերը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Երկուշաբթի օր, այս հարցով մտահոգութիւն յայտնած է Իրաքի իր պաշտօնակից Հոշեար Զեպարիին: «Կը քննադատենք թրքական դրօշի դէմ ցուցաբերուած տգեղ վերաբերմունքը եւ կ՛ակնկալենք, որ պատասխանատուները յայտնաբերուին եւ պատժուին», ըսած է ան: