
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի, Մայիս 21ի կանուխ ժամերուն, արեւմտեան Պէյրութի մէջ «Մուսթաքպալ» հոսանքէն եւ Արաբական հոսանքի կուսակցութենէն զինեալներու միջեւ տեղի ունեցած զինեալ բախումները պատճառեցին 2 զոհ եւ 18 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ: Բանակին միջամտութեամբ կարելի եղած է կացութիւնը զսպել:
Բախումները մաս կը կազմէին Կիրակի օր սկսած լարուածութեան, որ հետեւանք էր հիւսիսային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած շէյխ Ահմետ Ապտըլ Ուահետի եւ անոր ընկերակիցի սպանութեան, բանակային անցարգելի մը մօտ: Անոնց սպանութենէն ետք զինեալներ բողոքի ելոյթներով ճամբաներ փակեցին՝ պահանջելով դէպքի պատասխանատուներուն յանձնումը:
Նախագահ Միշել Սլէյման ցաւ յայտնեց Քուէյխաթի մէջ տեղի ունեցած շէյխին եւ անոր ընկերակիցին սպանութեան համար՝ ըսելով, թէ այս գծով հետաքննութեան յատուկ յանձնախումբ մը պիտի կազմուի:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական ժողովի մը՝ մասնակցութեամբ ներքին գործոց, պաշտպանութեան ու արդարութեան նախարարներուն, բանակի հրամանատարին եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներու. աւարտին յայտարարուեցաւ, թէ դէպքին մանրամասնութիւնները պիտի բացայայտուին ու պատասխանատուները պիտի պատժուին:
Կառավարութեան ընդդիմադիր շրջանակները նաեւ կը քննեն խորհրդարանական յանձնախումբ մը կազմելու կարելիութիւնը՝ հետաքննութիւն բանալու համար դէպքին շուրջ: