Յունուար-Մարտ 2012ին Լեռնային Ղարաբաղի համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) եղած է 27.4 միլիառ դրամ՝ 2011ի նոյն ամիսներուն 23.6 միլիառ դրամի փոխարէն, այսինքն՝ ՀՆԱի աճը կազմած է 8.4 տոկոս։
2012ի Յունուար-Մարտին մէկ հոգիի համար ՀՆԱն, ընթացիկ գիներով, եղած է 188.7 հազար դրամ, 485.8 տոլար կամ 370.3 եուրօ: Այս աճին վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցած են ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտադրութեան բնագաւառները՝ համապատասխանաբար 6.7 եւ 12.9 տոկոս: ՀՆԱի արձանագրուած 8.4 տոկոս աճին 5.1 տոկոսը ապահովուած է ֆինանսներ եւ վարկը, 1.4ը՝ շինարարութիւնը, 1.2ը՝ կապը, 0.7ը՝ կառավարում եւ պաշտպանութիւնը: Տարուան առաջին երեք ամիսներուն Ղարաբաղի մէջ արտադրուած է 9.6 միլիառ դրամ արժող արդիւնաբերական առարկայ։ ԼՂՀ արդիւնաբերական արտադրանքի կառուցուածքը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ՝ մշակող արդիւնաբերութիւն՝ 37.2 տոկոս, հանքագործական արդիւնաբերութիւն՝ 26.6 տոկոս, ելեկտրականութեան, կազի, ջուրի արտադրութիւն եւ բաշխում՝ 36.2 տոկոս:
Գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքը Յունուար-Մարտ 2012ին եղած է 2.9 միլիառ դրամ, որ նախորդ տարուան հետ համեմատելով աճած է 3.7տոկոսով։ Բուսաբուծութեան համախառն արտադրանքը, համադրելի գիներով աճած է 12.2 անգամ:
Այդ ամիսներուն Ղարաբաղի մէջ կատարուած է 6.5 միլիառ դրամի շինարարութիւն, որ նախորդ տարուան համեմատութեամբ աճած է 8.7 տոկոսով: Շինարարութեան 60.1 առ հարիւրը կատարուած է պետական պիւտճէին, 14.3 տոկոսը՝ կազմակերպութիւններուն, 7.4 տոկոսը՝ արտապիւտճէական, 6.6 տոկոսը՝ օտար ներդրողներու հաշուոյն:
Ըստ վիճակագրական տեղեկութիւններ տրամադրողներէն ձեռքբերուած տուեալներուն, Ղարաբաղի մէջ Յունուար-Մարտ 2012ին զբաղուածներուն թիւը եղած է 56461 անձ, որուն 80.3 տոկոսը վարձու աշխատողներ են (ներառեալ անհատ ձեռնարկատէրերը), իսկ 19.7 տոկոսը սեփական աշխատանք կը տանի:
ԼՂՀի մէջ պաշտօնական գործազրկութեան մակարդակը կազմած է 5.4 առ հարիւր:
Բնակչութեան դրամական եկամուտները այդ ամիսներուն կազմած է 24.5 միլիառ դրամ եւ նախորդ տարուան համեմատ աճած են 16.3 տոկոսով: Դրամական ծախսերը կազմած են 23.8 միլիառ դրամ, նախորդ տարուան համեմատ աւելնալով 10.9 տոկոսով:
ԼՂՀ արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կազմած է 28.6 միլիառ դրամ կամ 73.6 միլիոն տոլար. ապրանքներու արտահանումը՝ 4.5 միլիառ դրամ (11.5 միլիոն տոլար), իսկ ներմուծումը՝ 24.1 միլիառ դրամ (62.1 միլիոն տոլար): Առեւտրային հաշուեկշիռը ժխտական է 19.7 միլիառ դրամով (50.6 միլիոն տոլարով): Յունուար-Մարտին 2011ի նոյն ժամանակաշրջանի համեմատութեամբ արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը նուազած է 5.8 տոկոսով, արտահանումը նուազած է 40.3 տոկոսով, իսկ ներմուծումը աճած է 5.5 տոկոսով: Բացասական առեւտրային հաշուեկշիռը աճած է 27.8 տոկոսով: