ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան, կազմակերպութեամբ շրջանի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, վաստակաշատ պատմաբան ու քաղաքական գործիչ Երուանդ Փամպուքեանի «Նիւթեր ՀՅԴ Պատմութեան Համար»ի 8րդ հատորի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 6ի յետմիջօրէին, ժամը 2:30ին, «Վասպուրական» սրահին մէջ:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Հրայր Սարգիսեան, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ ու գրասէր կոկիկ հասարակութիւն մը:
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան եւ շրջանիս Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին անունով, ողջոյնի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց հանդիսավարուհի Ռուբինա Գասպարեան: Ան նախ հակիրճ կերպով ներկայացուց հատորի հեղինակ, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի կենսագրական գիծերը՝ ըսելով. «Փամպուքեան ծնած է Հալէպ, 1933ին, երկրորդական ուսումը ստացած է Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն՝ զայն աւարտելով 1953ին: 1954ին հետեւած է Վենետիկի Ս. Ղազարի հայագիտական ուսմանց, 1954-1958 յաճախած է Պելճիքայի «Լուվեն» համալսարանը՝ վկայուելով ընկերային ու քաղաքական գիտութեանց մէջ:
Փամպուքեան Պէյրութի մէջ պաշտօնավարած է որպէս ուսուցիչ հայոց պատմութեան եւ հայ մատենագրութեան՝ Համազգայինի Ճեմարանէն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Դպրեվանքէն եւ Ազգ. Խանամիրեան քոլեճէն ներս: 1970էն 1978 տնօրէն եղած է «Ազդակ» օրաթերթի, իսկ 2005էն ի վեր՝ խմբագիրն է «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» հատորներու շարքին:
Ռ. Գասպարեան, նախքան հրաւիրելը օրուան բանախօս Վաչէ Բրուտեանը, ներկայացուց նաեւ անոր կենսագրական գիծերը՝ ըսելով . «ՀՅԴ արխիւներու հիմնարկի տնօրէն Վաչէ Բրուտեան ծնած է Հալէպ: Ան իր համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանէն եւ վկայուած պսակաւոր արուեստից տիտղոսով՝ հայագիտութեան ճիւղին մէջ: Քանի մը տարի ուսուցչութեան զուգահեռ, ան նետուած է հրապարակագրութեան ասպարէզ, ՀՅԴ Բիւրոյի մամլոյ դիւանէն ներս (1977-1985): Ապա առաքուած է Պոսթըն՝ վարելու համար «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագիրի պաշտօնը: 1995ին մաս կազմած է «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրական կազմին՝ նախ որպէս քաղաքական բաժինի պատասխանատու, ապա իբրեւ փոխխմբագիր, իսկ 2001ին նշանակուած է թերթի խմբագիր. պաշտօն մը՝ զոր վարած է մինչեւ 2008: Նոյն տարին Վ. Բրուտեան նշանակուած է ՀՅԴ Արխիւներու հիմնարկի տնօրէն, եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ օրս»:
Հատորին անդրադառնալէ առաջ, Վ. Բրուտեան նշեց, որ սկիզբը, հատորները սկսած են լոյս տեսնելու յայտնի մտաւորական եւ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ անդամ Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրութեամբ: Վ. Բրուտեան մանրամասն լուսաբանութիւններ տալով 8րդ եւ նախորդ հատորներու մասին՝ ըսաւ. ««Նիւթեր»ու 8րդ հատորը լոյս տեսած է Պէյրութ, 2011ին եւ կը բաղկանայ 493 էջերէ՝ ներառեալ տեղանուններու, անձնանուններու եւ բովանդակութեան ցանկը: Ինչպէս նախորդ 3 հատորներուն, այս մէկուն խմբագիրը եւս Երուանդ Փամպուքեանն է: Նախապէս, մինչեւ 1982 թուական, լոյս տեսած են 4 հատորներ, որոնք կը բովանդակեն արխիւային նիւթեր՝ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ 1907, մինչեւ Դ. Ընդհանուր ժողով:
3րդ հատորէն մինչեւ 5րդ հատորները կը վերաբերին Դ. Ընդհանուր ժողովին, կը պարունակեն նիստերու արձանագրութիւններ, շրջաններու տեղեկագիրներ, նամակներ, դատական փաստաթուղթեր, շրջաբերականներ, այդ թուականներուն առնչուող նամակներ, այլ ժողովներու արձանագրութիւններ եւ որոշումներ: Նախորդ երկու հատորները կը վերաբերին 5րդ Ընդհանուր ժողովին (1909), Ընկերվար միջազգայնականի ու այլ կազմակերպութիւններու հետ ՀՅ Դաշնակցութեան յարաբերութիւններուն»:
Վ. Բրուտեան, մասնաւորաբար անդրադառնալով ներկայ հատորին՝ շարունակեց ըսելով. «Ներկայ հատորը գլխաւորաբար կ՛առնչուի 6րդ Ընդհանուր ժողովին՝ գումարուած 1911ի Օգոստոսի կէսէն մինչեւ Սեպտեմբեր 17: Անիկա նաեւ կ՛ընգրկէ Դաշնակցութեան 1909էն 1911 տարիներու գործունէութիւնը: Հատորը կը բաղկանայ 13 գլուխներէ եւ կ՛ընդգրկէ Ընդհ. ժողովի բացման հրաւէր շրջաբերականը, ամբողջ նիստերու ատենագրութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջաններու տեղեկագիրներ՝ բացառութեամբ Կովկասի եւ Պարսկաստանի»:
Իր խօսքի վերջաւորութեան Վ. Բրուտեան կարեւորութեամբ շեշտեց. «Սխա՛լ է ենթադրել, որ տրուած են միայն գովասանական նիւթեր. կան նաեւ ինքնաքննադատութեան խիստ տողերով գրութիւններ՝ նամակներ, բողոքագիրներ եւլն.: Մէկ խօսքով՝ հայ ժողովուրդի եւ ՀՅԴի ներկայ ժամանակաշրջանի պատմաբանը պիտի գտնէ աննկարագրելիօրէն հարուստ արխիւային նիւթեր: Այս հատորը եւս հարուստ աղբիւր է լեզուաբաններու համար, երբ կ՛ուզեն ուսումնասիրել այդ օրերու եւ ներկայ հայերէններու, լեզուի, շարահիւսութեան, ուղղագրութեան եւ քերականութեան տարբերութիւններն ու զարգացումը»:
Բանախօսը իր խօսքի ընթացքին, մէջընդմէջ ըրաւ նաեւ հետաքրքրաշարժ մէջբերումներ՝ գիրքի բովանդակութենէն, ինչպէս՝ ինքնաքննադատութիւններ, տարակարծութիւններ զանազան որոշումներու մասին, միտքերու ու կարծիքներու տարբերութիւններ, կուսակցական հետաքրքրական դրուագներ, պատմական իրադարձութիւններ, որոնց մասին եղան հետաքրքրական հարցումներ ներկաներուն կողմէ: Յարգելի բանախօսը հանգամանօրէն, մասնագիտական ու վերլուծական պատասխաններով գոհացուց հանդիսականները:
Աւարտին տեղի ունեցած հիւրասիրութեան ընթացքին, ներկաները առիթը ունեցան աւելի մտերմիկ զրոյց ունենալու Վ. Բրուտեանի հետ: