ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական լրատու գործակալութիւնները Հինգշաբթի, Մայիս 17ին իրենց անհանգստութիւնը յայտնած են Ֆրանսայի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուսի նկատմամբ՝ յիշեցնելով, որ նախկին նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի օրերուն, վարչապետի պաշտօն վարած Ֆապիւս ընդդիմացած է Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին:
Նոր կառավարութիւնը Ֆրանսայի պատմութեան մէջ առաջինն է, որուն մէջ հաւասար թիւով (17) տղամարդ եւ կին նախարարներ կան:
Յատկանշական է, որ կառավարութիւնը իր առաջին քայլով, 30 տոկոսով կրճատեց երկիրի նախագահին ու կառավարութեան անդամներուն ամսականները՝ գործնականապէս նպաստելով պետական ամավարկին բացը կրճատելու աշխատանքին: