ՄԱԿ, «Ճազիրա».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Ուրբաթ, Մայիս 18ին յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած ահաբեկչական զոյգ պայթումներուն ետին կը կանգնի «Քայիտա»ն, միաժամանակ աւելցնելով, թէ ցարդ Սուրիա հաստատուած 257 միջազգային դէտերը կրցած են որոշ չափով կացութիւնը զսպել, սակայն ցաւ յայտնեց, որ բռնարարքները կը շարունակուին:
Սուրիոյ իշխանութիւնները ՄԱԿի յանձնած են երկրի տարածքին ձերբակալուած 26 օտարահպատակներու անուններ՝ պնդելով, թէ անոնցմէ առնուազն 20ը «Քայիտա»ի անդամներ են, որոնք Սուրիա մուտք գործած են Թուրքիայէն:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտ հերքեց «Ուաշինկթըն Փոս»չ թերթին այն լուրը, թէ Ուաշինկթըն եւ Ծոցի արաբական կարգ մը երկիրներ սուրիական ընդդիմութեան զէնքեր կը տրամադրեն՝ աւելցնելով. «Մեր որոշումը քաղաքային ընդդիմութեան ոչ-մարտական օժանդակութիւններ տրամադրել է, եւ գոյութիւն ունին պետութիւններ, որոնք այլ որոշումներ տուած են»:
Նշենք, որ բրիտանական «Թայմզ» թերթը եւս Մայիս 17ին հաղորդած էր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ընդդիմադիրները «Միացեալ Նահանգներու զօրակցութեամբ, Ծոցի երկիրներէն զէնքեր կը ստանան»:
Նաեւ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հալէպի Տուար Շաար շրջանին մէջ Ուրբաթ օր ականի մը վնասազերծման ընթացքին զինուոր մը զոհուած է եւ վիրաւորուած են 5 ուրիշներ: