
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. Ցնցիչ լուրերը, թէ՛ ուրախութեան եւ թէ մանաւանդ տրտմութեան պարագային կրնան լուրջ վնասներ հասցնել զայն լսող անձերուն: Ոմանք այնպէս կը խորհին, թէ յատկապէս ուրախ լուրերը կրնան գերազանցապէս հրճուեցուցիչ ըլլալ զայն լսողին, հետեւաբար անակնկալը աւելի ուրախալի թուելուն, ուրախ լուրը ենթակային կը փոխանցեն անոր չակնկալած մէկ պահուն:
Ճամբորդութեան բերումով տարիներ իր մօրմէն հեռու ապրած զաւակը, անակնկալ այցելութեամբ կը հասնի իր ծննդավայր քաղաքը, ու նախապէս իմանալով թէ մայրը ո՞ր ժամուն տուն կը վերադառնայ, ճամբուն վրայ անոր կը հանդիպի: Մայրը ուշքը կորսնցելով գետին կը փռուի…: Երբեմն յոռեգոյնն ալ կրնայ պատահիլ, երբ սրտի կաթուածի հետեւանքով մարդ կրնայ մահանալ:
Նոյնը աւելիո՛վ կրնայ պատահիլ տխուր լուրերու փոխանցման ժամանակ: Յատկապէս երեխաներու միջեւ երեւցող նախանձը կրնայ վատ հետեւանքներ ունենալ: Դպրոցական մանուկը երբ տուն վերադառնայ եւ այնտեղ իրեն յայտնեն թէ քոյրիկ «բերած են» իրեն համար, կամ՝ ուրիշ պարագայի, տակաւին դպրոց չյաճախող իր քոյրիկին ի՞նչ նուէր բերած են հարազատներ, կրնայ մանուկին մօտ վատ զգացողութիւն յառաջացնել եւ սխալ արարքներու պատճառ դառնալ: Անիկա ձեր չսպասած մէկ պահուն կրնայ իր մատը տանիլ իր քրոջ աչքին եւ կուրցնել նորածինը: Ուրեմն նախապատրաստելը կարեւոր է միշտ, թէ՛ ուրախալի եւ թէ տխուր լուրերու փոխանցումէն առաջ:
Ոմանց խառնուածքը այնպիսին է, որ կը սիրեն տխուր լուրի առաջին հաղորդողը հանդիսանալ: Ուրիշ խօսքով, տուեալ տխուր լուրը առաջին անգամ հանրութեան փոխանցողը կը սիրեն իրենք ըլլալ: Այսպէս, օրինակ, մէկուն մահուան գոյժը, երբ մանաւանդ անսպասելի մահ է պատահածը, անոնք կը սիրեն տարածել, կարելի եղածին չափ շուտ: Նոյնիսկ վախնալով որ ուրիշը լսած կ՛ըլլայ իրենցմէ առաջ, կը սկսին հանգուցեալի ամէնէն մօտիկ բարեկամներուն հեռաձայնել, ցաւակցելով անոնց: Սակայն իրենց բուն նպատակը ցաւակցիլը չէ՛, այլ տեսնել թէ անոնք լսա՞ծ են լուրը, թէ ոչ: Որոշ հոգեկան բաւարարութիւն կը զգան տխուր լուրը փոխանցած միջոցին, զայն լսողին ցնցումին աստիճանաչափը զգալով: Եւ երբ հանգուցեալի միւս բարեկամին հաղորդեն լուրը, միաժամանակ կը տեղեկացնեն, թէ նախորդ լսողը ինչքան ցնցուեցաւ երբ լսեց իր բարեկամին մահուան գոյժը:
Ահա՛ քեզի գործ: Սակայն, անգո՛րծ մարդու գործ: Այսօրուան մունետիկները կարելի է նկատել այս մարդիկը, զորս կարելի է համեմատել արբանեակային պնակներու հետ, որոնց միջոցաւ փոխանցուած անտեսանելի օդային թելերը, աշխարհի մէկ քաղաքէն միւսը «կը ճամբորդեն» կայծակնային արագութեամբ: Տեսնուած է նաեւ, որ ներկայ արհեստագիտութենէն ամէնէն շատ օգտուողները այս տեսակի մարդիկն են: Կիներու պարագային դեռ ներելի՛ այս ասպարէզը, երբեմն նաեւ այր մարդոց մօտ կը նշմարուի, որ վանողական կը դարձնէ զիրենք:
Աշխարհահռչակ հեռատեսիլի կայաններէն մէկը իր կատարած մէկ հարցախոյզին արդիւնքները յայտարարելով ցոյց կու տար, թէ գաղտնիք պահելու դժուարութիւն ունեցողները շատ աւելի այր մարդիկն են, քան՝ կիները: «Աշխարհը շուռ է եկել» պիտի ըսէր հայոց հեքիաթագիրը:
Տխուր լուրը փոխանցելու այս «շուտիկութեան» երեւոյթը կրնայ նաեւ ուրիշին ցաւին անտարբերութենէն մղուած ըլլալ: Երբ ցաւը իմս չէ, անոր մասին դիւրաւ կրնամ արտայայտուիլ: Բայց երբ այդ ցաւը մորթիս վրայ կը զգամ, անշուշտ կը ցաւիմ, եւ այդ մասին դժուար կ՛ըլլայ արտայայտուիլ: Ասիկա կը տեսնուի, յաճախ մահուան սուգերու առիթով խօսք արտասանելու պարտաւորութեան տակ գտնուող անձերու մօտ: Անոնք շատ լաւ մխիթարական խօսքեր կը գտնեն, եւ կը յաջողին նոյնիսկ հանդարտեցնել սգաւոր հոգիները, բայց երբ ցաւը իրենց կը պատկանի, կամ այլ խօսքով մահացողը իրենց հարազատ անձ է, կը դժուարանան նոյնիսկ երկու բառ արտասանելու: Այս պարագային մխիթարողը ի՛նք կ՛ըլլայ խոցեալ անձը, որ իր վէրքերը դարմանելու անկարող վիճակի մէջ կը յայտնուի…:
Ուրիշին ցաւին նկատմամբ անտարբերութիւն ցուցաբերելու պարագայ է նաեւ երեխաներու ցաւին ուշադրութիւն չդարձնելը: Մանուկը իր մանկական հոգիին մէջ մեծ աշխարհ է ինքնին, զոր պէտք է հասկնալ եւ որուն հետ պէտք է մեծ ուշադրութեամբ վարուիլ: Այլապէս անուշադիր մէկ խօսք կամ արարք, կրնայ մնայուն հետք թողուլ անոր ամբողջ ապագայ կեանքին վրայ: Ներելի չէ՛ մանաւանդ ծնողներուն եւ դաստիարակներուն, այս իմաստով սխալներ գործելը:
Կ՛ըսուի թէ երեխան դպրոցէն գալով, իր միակ զբաղումը՝ իր սիրելի կատուն փնտռեց: Հայրը առանց նրբութիւն ցուցաբերելու մանուկին սնուցած զգացումներուն, հանդէպ այդ կատուին, սովորական բարեւ տալու նման անոր ըսաւ.
_ Կատուդ սատկեցաւ:
Նոյն վայրկեանին մանուկը ինկաւ գետին ուշաթափուած: Մեռած էր…:
Ալ անիմաստ էր լացն ու ողբը զոր հայրը ըրաւ իր զաւակին համար: Պարզապէս ի՛նք պատճառ դարձած էր զաւակին անժամանակ մահուան:
Ցաւակցութեան եկող բարեկամներէն մէկը, տարեց մարդ, որ երեխային հօրը ճիշդ կողքին նստած էր, ականջին փսփսալով կը խօսէր անոր հետ: Քիչ ետք եւ խումբը փոքրացաւ, ան իր ըսածները բարձրաձայն կրկնեց, տխուր թէ ուրախ ցնցիչ լուրերը փոխանցելէ առաջ, զայն լսողները նախապատրաստելու մասին դաստիարակելով ներկաները:
_ Դուն նախ պիտի ըսէիր. Տղաս, քեզի այս լուրը տամ, գիտեմ շատ պիտի վշտանաս, բայց ինչ ընենք, պատահեցաւ: Քու անուշիկ կատուդ բակին մէջ ուրախ զուարթ կը վազվզէր: Յանկարծ մուկը դուրսի դուռէն ներս մտաւ, հասնելով մեր բակը: Քաջ կատուդ սկսաւ հալածել զայն: Բայց այդ չար մուկը խողովակներուն վրայէն անցնելով, թելերուն փաթթուելով տանիք բարձրացաւ: Քաջ կատուդ տեսաւ ասիկա եւ ինք ալ միջոցը գտաւ եւ վեր հասաւ: Մենք ալ ամէնքս կը քաջալերէինք որ շուտով բռնէ մուկը ու վար բերէ: Բայց… ինչպէս եղաւ չհասկցանք, ոտքը սահեցաւ խեղճ կատուիդ, ճանկերով ալ չկրցաւ զսպել իր մարմինին ծանրութիւնը, եւ կղմինտրին վրայէն սահելով վար ինկաւ, ու… շատ փորձեցինք բժշկել… բայց…: Ճիշդ իրեն նմանող կատու արդէն այսօր պիտի բերենք քեզի համար… դուն մի՛ մտահոգուիր… արդէն կատուիդ նկարները ամէն տեղ ունիս…: Այսպէս պէտք է նախապատրաստէիր զաւակդ: _Ըսաւ ծերունին եւ լռեց:
Ինչքան երեւակայական թուի շատերու, սակայն իրապաշտ մօտեցումով կատարուած դաստիարակութիւն էր մարդուն կատարածը, շատ պարզ եւ յստակ բառերով: «Կատուդ սատկեցաւ» ըսելը շատ պարզ է, սակայն նախ պէտք է մտածես, որ այդ կատուն եթէ քուկդ ըլլար ինչպէ՞ս պիտի վերաբերէիր անոր սատկելուն, նաեւ՝ ինչպէ՞ս պիտի ուզէիր որ ուրիշներ վերաբերէին այդ հարցին հետ:
ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ