ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլաեւ Ուրբաթ, Մայիս 18ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքը կը փորձէ սխալ ուղղութեամբ առաջնորդել Ամերիկայի կառավարութիւնը՝ ակնարկելով Ռոտ Այլընտի նահանգային խորհրդարանի այն բանաձեւին, որ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը:
Ապտուլլաեւ աւելցուց, թէ հայ համայնքի ճնշումներուն հետեւանքով որդեգրուող նման բանաձեւեր հակառակ արդիւնք կու տան՝ աւելի զօրացնելով Ատրպէյճանը եւ անոր միջազգային կեցուածքը:
«Մեր համայնքը համապատասխան քայլերու պիտի դիմէ», շեշտեց ան: