
Ճիշդ տարի մը առաջ, 22 Մայիս, 2011ին, առ յաւէտ աչքերը փակելով հեռացաւ սիրելիներէն, ազգականներէն եւ աշակերտներէն պրն. Նազարէթ Պիտանեանը, սուգի մատ-նելով ոչ միայն հարազատները, այլ՝ բոլոր մուսալեռցիները:
Պիտանեան Մուսա լերան վերջին վկաներէն էր, որ ականատես եւ ականջալուր եղած էր իր ժողովուրդին ցաւերուն եւ ուրախութեանց, դէպի Լիբանան գաղթի ճանապարհի դառնութիւններուն, Այնճար հայաւանի ու Յառաջ վարժարանի կառուցման, դէպի Հայաստան ներգաղթին եւ յարակից բոլոր աշխատանքներուն: Իբրեւ ղեկավար ան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է, ինչպէս նաեւ տարիներ, որպէս կրթական մշակ, աշխատած է Այնճար հայաւանի դպրոցներուն մէջ, դաստիարակելով հարիւրաւոր աշակերտներու փաղանգ մը եւ ժողովուրդին կողմէն արժանանալով «պարոն» եւ «վարժապետ» պատուանունին:
Սիրելի ընթերցող, այս պահուն, երբ գրասեղանիս դիմաց նստած, մտքիս պաստառին վրայ կը տողանցեն անցեալի բոլոր յիշատակները, բոլոր ուսուցիչներս այնտեղ են եւ երէկուան պատանին, ցեխոտ կօշիկները ոտքին, կտաւէ պայուսակը ուսին, վրանի տակ, գերաններուն վրայ նստած, ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ Մեսրոպեան տառերուն թոթովանքը կը կատարէ եւ այսօր, 60 եւ աւելի տարիներ ետք, նոյն այն պատանի տղան, ճերմկած մազերով եւ քաղցր յուզումով կը վերյիշէ իր ուսուցիչներուն պարգեւած քաղցր պահերը եւ փոթորկոտ սրտով ու հոգիով կը գրէ այս տողերը:
Սիրելի ուսուցիչներ, երախտապարտ եւ հպարտ ենք ձեզմով, դուք էիք, որ մեր մանուկ սրտերուն մէջ վառեցիք հայրենիքն ու հայ մշակոյթը սիրելու կրակը: Այսօր կու գանք խոնարհելու ձեր հողակոյտերուն առջեւ եւ ըսելու. «Լոյս թող իջնէ ձեր գերեզմաններուն վրայ»:
Յառաջ վարժարանի ուսուցչական այս կազմին մաս կը կազմէր նաեւ պրն. Նազարէթ Պիտանեանը, որ տարի մը առաջ, 94 տարեկան հասակին մահացաւ եւ իր անշնչացած մարմինը , հողին յանձնեցինք Ֆրեզնոյի Մասիս-Արարատ գերեզմանատան մէջ, ուր կը հանգչի նաեւ ննջեցեալին պաշտելի հերոս՝ Սողոմոն Թէհլիրեանը: Կիրակի, 20 Մայիս, 2012 ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, առաջին տարելիցին առիթով, հոգեհանգիստ պիտի կատարուի ի յիշատակ ողբացեալ «վարժապետ»ին:
Պրն. Նազարէթ ծնած է 1917 ին, Փոր Սայիտի վրանաքաղաքին մէջ: Մուսալեռցիները, 40 օրեր թուրք բանակներուն դէմ պայքարելէ ետք, ֆրանսական մարտանաւերով Փոր Սայիտ կը փոխադրուին, Սուէզի ջրանցքին եզերքը, ուր կը մնան չորս տարիներ: Մանուկ Նազարէթ 19191920ին, ծնողքին հետ Մուսա լեռ կը փոխադրուի եւ Եողուն- Օլուք պապենական գիւղը կը հաստատուի:
Պատանի Նազարէթ գիւղին դպրոցը յաճախելէ ետք, ուսումը կը շարունակէ Անտիոքի պետական Լիսէին մէջ: 1930ին, երբ Սիսի կաթողիկոսական աթոռը վերջնականապէս Անթիլիաս կը հաստատուի, պատանի Նազարէթ, 1932 Անթիլիաս կը մեկնի եւ ուսումը կը շարունակէ Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, դասընկեր ունենալով Խորէն վեհափառը:
Մուսա լեռ վերադառնալով, ան ուսուցչութեամբ կը զբաղի, մինչեւ 1939, երբ Ալեքսանտրէթ Սանճաքը վերջնականապէս թուրքերուն կը յանձնուի եւ Մուսա լերան փէշերուն թառած վեց գիւղերու բնակչութիւնը տարագրութեան ճամբան բռնելով, կը հաստատուի Այնճար աւանին մէջ:
Պրն. Նազարէթ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ աւանի կառուցման աշխատանքներուն, ան պատասխանատու պաշտօններ կը վարէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերէն ներս, ան որպէս տիպար դաշնակցական կը ներկայանայ մինչեւ կեանքի վերջը, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ, որպէս կրթական մշակ կը ծառայէ Այնճար աւանի դպրոցներէն ներս:
1966ին, մնաք բարով ըսելով Այնճար աւանին, տիկնոջ, երկու աղջիկներուն եւ տղուն հետ Ամերիկա կը հաստատուի, նախ Նիւ Եորքի շրջան, ապա Սան Ֆրանսիսքօ եւ հուսկ Ֆրեզնօ, ուր վերջ կը գտնէ կեանքի ճանապարհը:
Ֆրեզնօ կեցութեան ընթացքին, յաճախակի կ՛այցելէի եւ սեղանին դիմաց նստած, ազգային հարցերու մասին կը զրուցէինք: Մահէն երկու օր առաջ, տիկնոջս հետ կրկին այցելեցինք իրեն. ան մտահոգ էր Սուրիոյ կացութեամբ: Երբ մեզ ճամբու դրաւ, դրան առջեւ պահ մը կեցաւ եւ ձեռքս բռնելով յարեց. «Կը խնդրեմ, որ ամէն օր գաս եւ այսպէս խօսակցինք, շատ կ՛ուրախանամ եւ ամբողջութեամբ տրամադրութիւնս կը փոխուի»:
Երկու օր ետք, հեռաձայնեցին, ըսելով. «Պարոնդ մահացաւ»: Մահուան վերջին ժամերուն, հիւանդանոցի սենեակին մէջ, ձայնը ձգած, բարձրաձայն կ՛երգէ, սակայն երգին բառերը չէին հասկցուեր:
Պարոնս, երգելով հոգին կ՛աւանդէ:
«Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ»:
Երախտապարտ աշակերտդ՝
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ