
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ. Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Մայիս 10ին կը տեղեկացնէ, թէ Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ կայացած Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին համակարգող մարմինը, իր վաւերացուցած ընդարձակ փաստաթուղթի 382րդ կէտին մէջ անդրադարձած է Արցախի տագնապին՝ զայն նկատելով ամբողջ շրջանի ապահովութեան սպառնացող տագնապ մը եւ կոչ ընելով հակամարտ կողմերուն, որ միջազգային օրէնքներու հիման վրայ լուծեն տագնապը:
Անցեալ տարի այս շարժումին անդամակցած Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, որ նաեւ ժողովին կը մասնակցէր, Հինգշաբթի օր դրուատեց որոշումը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ի նպաստ առնուած քայլ մը:
Յայտնենք, թէ նոյն քաղաքին մէջ 2009ին տեղի ունեցած Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին 15րդ գերաստիճանը վաւերացուցած է հռչակագիր մը, ուր կը հաստատուի ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի գերակայութիւնը:
Հայաստան այս շարժումին մէջ ունի դիտորդի կարգավիճակ:
Ոչ-յանձնառու երկիրներու կազմակերպութիւնը ստեղծուած է 1961ին: Անոր կրնան անդամակցիլ որեւէ ռազմական ուխտի անդամ չեղող երկիրներ: Անոր անդամներուն թիւը 120ի բարձրացաւ՝ Ատրպէյճանի յաւելումով, իսկ դիտորդի կարգավիճակ ունին 17 պետութիւններ, ինչպէս նաեւ միջազգային հինգ եւ ազգային-ազատագրական երկու կազմակերպութիւններ:
Շարժումին յաջորդ գերաստիճանը տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ, այս տարուան Օգոստոս 26էն 31: