
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ տարեկան 86րդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 26ին, երեկոյեան ժամը 6ին:
Ձեռնարկի ընթացքին պիտի բանախօսէ յայտնի ճարտարագէտ Սարգիս Պալմանուկեան, որ պիտի ներկայացնէ 1001 եկեղեցիներու քաղաք՝ Անի կատարած իր այցելութեան տպաւորութիւնները՝ լուսանկարներու ընկերակցութեամբ: Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Մուտքի սակը 75 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 40 տոլար:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (408) 685-3029 կամ (415) 586-2000 թիւերուն: