Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման քսանամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան յատուկ շքանշաններով պարգեւատրեց խումբ մը երախտաւորներ, որոնց շարքին էին Լոս Անճելըսէն՝ տոքթ. Վարդգէս եւ Մէրի Նաճարեաններ, Ալէք Պաղտասարեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Ճասիկ Ճառահեան:
Ընկերուհի Ճասիկը տեսած ենք մշտապէս աշխատանքի լծուած, տարբեր միութիւններու կազմակերպած ձեռնարկներուն աջակցելու պատրաստ:
Արցախի մէջ իր այլ բարեգործութեանց շարքին, Ճասիկ Ճառահեան հովանաւորած է Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանի կառուցումը, թէ՛ իբրեւ ազգային ու դաշնակցական հերոսի մը յիշատակը յաւերժացնելու եւ թէ Արցախ այցելելու յաւելեալ պատրուակ մը շնորհելու բոլորիս:
Կը շնորհաւորենք Ճասիկ Ճառահեանն ու միւս բոլոր երախտաւորները, իրենց շնորհուած այս պարգեւին համար: