ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ընտրութիւններու վերահսկումը ղեկավարող մարմինը, որ կազմուած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսէն, կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, թէեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներու հրապարակումէն ետք զերծ մնացած էր միացեալ յայտարարութենէ:
Հայաստանի քաղաքագէտներու միութեան նախագահ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան համամասնական ցանկին մաս կազմող, միասնական ղեկավարման մարմինի համակարգող Հմայեակ Յովհաննիսեանի համաձայն, միասնական մարմինը ընտրութիւններու յաջորդ օրը նիստ չգումարեց, որովհետեւ երեք քաղաքական ուժերը տակաւին կ՛ամփոփեն քուէարկութեան ընթացքին ընտրաշրջաններուն մէջ տեղի ունեցած խախտումները, որոնք նկատուած են իրենց ղեկավարման մարմիններուն կողմէ։
Այդ գործընթացի աւարտէն ետք, ըստ Յովհաննիսեանի, քաղաքական ուժերը արդէն միասնական ղեկավարման մարմինին մէջ պիտի քննարկեն հաւաքուած տուեալները եւ հանդէս գան խորհրդարանական ընտրութիւններուն առնչուող միացեալ յայտարարութեամբ։ Ըստ Յովհաննիսեանի, քաղաղաքան ուժերը տակաւին իրենց մօտեցումները չեն յստակացուցած։
Ան ժխտական պատասխանեց այն հարցումին, թէ միասնական ղեկավարման մարմինը արդեօք լուծարուա՞ծ է։