Սան Ֆրանսիսքօ շրջանի ՀՕՄի երեք մասնաճիւղերը կը կազմակերպեն «Նորաձեւութիւն՝ բոլոր տարիքներու համար» խորագիրով նորաձեւութեան միացեալ ձեռնարկ մը՝ դրամահաւաք կատարելու նպատակով Հայաստանի, Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին ՀՕՄի շարք մը մարդասիրական ձեռնարկներուն համաaր:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 20ին, «Կրին Հիլզ» սրահին մէջ, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ վիճակահանութիւն եւ լուռ աճուրդ:
Մուտքի սակը 75 տոլար է, իսկ 12էն վար փոքրերու համար՝ 25 տոլար: Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար դիմել (650) 952-7180, (650) 652-4630 կամ (209) 823-1486 թիւերուն: