– Տաղստանի մայրաքաղաքին մէջ, Ուրբաթ, Մայիս 4ին, ականուած երկու ինքնաշարժներու պայթումին հետեւանքով առնուազն 13 զոհ արձանագրուեցաւ: Պայթումները իւրայատուկ պատգամ մը կը նկատուին վարչապետ Վլատիմիր Փութինի, որ Երկուշաբթի օր պաշտօնապէս պիտի վերատիրանայ նախագահի տիտղոսին: 12 տարի առաջ իշխանութեան գլուխ անցած Փութինը խոստացած էր ճզմել հիւսիսային Կովկասի ապստամբութեան փորձերը:
– Միացեալ Նահանգներու 2010ի ընտրութեանց ընթացքին կատարուած նուիրատութիւններուն 72 տոկոսը արգիլուած պիտի ըլլային, եթէ քաղաքական ընտրապայքարներուն ընթացքին հսկայ ընկերութիւններուն անսահման նուիրատուութեանց իրաւունք տրուած չըլլար Գերագոյն ատեանին կողմէ: Յունուար 21, 2010ի այս վճիռին հետեւանքով, ընտրապայքարներու նուիրատուութեանց գումարը անհամեմատելիօրէն աճած է վերջին քանի մը տարիներուն:
– Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով, երկրի զինուած ուժերուն մէջ վերջին 10 տարիներուն ընթացքին, 934 զինուորներ անձնասպան եղած են, իսկ ոչ մարտական պայմաններու մէջ մահացած է 1470 հոգի:
– Անգարայի մէջ Մայիս 4ին սկսած է դատավարութիւնը Եորքի դքսուհի Սարա Ֆըրկըսընին, որ կ՛ամբաստանուի ապօրինի նկարահանումներ կատարելու յանցանքով, որովհետեւ ան բացայայտած էր Թուրքիոյ որբանոցներուն մէջ տիրող անմարդկային պայմանները: Նկարահանուած տեսարաններուն մէջ պատկերուած էին անկողիններու կապուած երեխաներ եւ երեխաներու նկատմամբ այլ դաժանութիւններ: Ֆըրկըսընի դէմ մինչեւ 22.5 տարուան բանտարկութեան վճիռ կրնայ արձակուիլ: