
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի որոշումով, ուժը կորսնցուցած է «Կեդրոն-կանաչապատում» ընկերութեան տրամադրուած արտօնութիւնը՝ տաղաւարներ տեղադրելու մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Համաձայն քաղաքապետի որոշումին, «Կեդրոն-կանաչապատում»ի տնօրէնին յանձնարարուած է կազմաքանդել վերոյիշեալ տարածքին մէջ ընկերութեան կողմէ տեղադրուած տաղաւարները եւ իրականացնել բարեկարգման աշխատանքներ:
Սոյն որոշումի կատարման պատասխանատուութիւնը դրուած է Կեդրոն վարչական շրջանի ղեկավարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի շինարարութեան եւ բարեկարգման ու բնապահպանութեան վարչութիւններու պետերուն, ինչպէս նաեւ «Կեդրոն-կանաչապատում» ընկերութեան տնօրէնին վրայ: Կատարման հսկողութիւնը կ՛իրականացնէ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Կամօ Արէյեան: