
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթի լրագրող Ալի Թօփուզ կը գրէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան պատճառներն ամբողջութեամբ հասկնալու համար անհրաժեշտ է ուսումնասիրութիւնը սկսիլ Ապտուլ Համիտի ժամանակաշրջանէն ու հասնիլ մինչեւ մեր օրերուն տեղի ունեցած՝ Թուրքիոյ մէջ հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի եւ հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճիի սպանութիւնները:
Թօփուզ կը գրէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկսած է Օսմանեան կայսրութեան շրջանին եւ կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը: «1915ի դէպքերուն երկու պատճառներ կան: Առաջինն այն է, որ անցեալ դարասկիզբին ստեղծուած «Իթթիհատ եւ Թերաքի» (Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն) կուսակցութիւնը դաւաճանեց իր որդեգրած ժողովրդավարական սկզբունքներուն: Անոնք որոշեցին, որ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող բոլոր ժողովուրդները պէտք է խօսին մէկ լեզուով, մէկ ազգ համարուին եւ մէկ կրօնք ունենան. գաղափար մը, որուն հիմքը դրած էր սուլթան Ապտուլ Համիտը: «Իթթիհատ եւ Թերաքի»ն օգտագործեց հասարակութիւնը թրքացնելու Ապտուլ Համիտի գաղափարները եւ զայն դրաւ Թուրքիոյ հանրապետութեան ստեղծման հիմքին մէջ: Ապտուլ Համիտի սկսած եւ Երիտթուրքերու իրագործած 1915ի Ցեղասպանութիւնը շարունակական էր: Հակառակ պարագային, ինչո՞ւ սպաննուեցան Հրանդ Տինքն ու Սեւակ Պալըքճին, եւ ինչո՞ւ այս օրին հասաւ անոնց սպանութեան դատավարութիւնը: Ինչո՞ւ տակաւին կը շարունակէ մութ մնալ քանի մը ամիս առաջ տեղի ունեցած 35 երիտասարդ քիւրտ գիւղացիներու սպանութեան հարցը եւ կը մերժուի քրտերէնով կրթութիւն ստանալու քիւրտերուն պահանջը: Անոր պատճառը այն է, որ Թուրքիոյ մէջ մինչ օրս իշխանութեան վրայ են Ապտուլ Համիտի, Երիտթուրքերու եւ քեմալականներու ժառանգորդները», կը նշէ թուրք լրագրողը: