ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Մեծ Եղեռնի 97 ամեայ պատմութեան յետադարձ համառօտ ակնարկ մը կը յուշէ մեզ, թէ առաջին յիսուն տարիներու հայ ժողովուրդի մնացորդացին վերականգնումի, վերածաղկումի եւ վերապրելու մարդկային հրաշալի եւ յաղթական հոլովոյթի ընթացքին, Մեծ Եղեռնի յիշատակումը եւ կամ պարազապէս Ապրիլ 24ը լոկ Նահատակաց Յուշատօն էր: Զոյգ Զատիկներու յաջորդող աւանդական օրուայ նման Մեռելոց-Սգատօն էր:
Այդ օրերուն, երբ տակաւին Սփիւռքահայութեան ծանրակշիռ թեւը կը մնար Միջին Արեւելքի հայութիւնը, ժողովրդային յարգանքի ընդհանրական արտայայտութիւնը կը մարմնանար յուշահանդէսներով եւ կա՛մ սգահանդէսներով, իսկ ոգեկոչման անհատական եւ ընտանեկան արտայայտութիւնը կը հանդիսանար գերեզմաններու յարգալից այցելութիւնը՝ խունկով, ծաղիկով եւ աղօթքով:

Եւ եկաւ յիսնամեակը յեղաշրջելու հայ անհատին եւ հաւաքականութեան միտքն ու հոգին, փոթորկելով գաղութները ամենուրէք՝ Սփիւռքի զանազան ափերուն եւ հոն՝ փրկուած հայաշխարհէն մնացած կիսանկախ հայրենիքի հողին վրայ: Սուգը թօթափեց իր շղարշը հագուելով բողոքի դիմակը: Աղօթքով մէկտեղուած ափերը բաժնուեցան, բռնցքուեցան եւ սիւներու նման դէպի երկինք բարձրացած պոռթկացին «մեր հողերը, մեր հողերը»: Խունկի գուլաները բռնկելով վերածուեցան անմար ջահերու, կայծ տալով հայ ժողովուրդի երիտասարդ նոր սերունդի պահանջատիրութեան բոցին: Առաջին հանրապետութենէն սկսեալ մինչեւ պաղ պատերազմը, բեւեռներու խնկարկող հայութիւնը, արթնցած իր թմբիրէն միացեալ ուժերով ուխտեց նուիրուիլ Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ պահանջատիրութեան պայքարի սրբազան առաքելութեան:
Եւ անցան մօտ յիսուն տարիներ եւս որու ընթացքին՝
– արդարութեան կանչին դիմաց անտարբեր մնացող խուլ աշխարհի մը հակազդեցութիւնը, գումարած՝ լճացած ազգային ղեկավարութեան մը, մղեց անհամբեր, յուսահատ, եւ տաքարիւն երիտասարդ նոր սերունդ մը դիմելու փամփուշտի խլացնող ձայնին եւ բազուկի զգետնող զարկին: Արձագանգը ահարկու էր իսկ արդիւնքը՝ յանձնուած պատմութեան դատաստանին:
– ի պատիւ զայն ընձեռնող սերունդին անդուլ եւ տքնաջան աշխատանքի եւ անյողդողդ կամքի մը՝ որպէս արդիւնք՝ շարունակուած պայքարի մը, հաշուեկշիռը բարենիշով մը կրնայ զարդարել ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ պահանջատիրութեան ճանապարհին տարուած բոլոր փոքր յաղթանակները:
Կարեւոր են փոքր յաղթանակները: Անոնք զսպանակուելով դէպի առաջ տանող ոստումներու մղիչ ուժգնութիւնը կ՛ունենան, մեզ աւելի մեծ յաղթանակներու ճանապարհի հունին մէջ զետեղելով:
Յաղթանակներու ճանապարհը սակայն տեսիլքի անհրաժեշտութիւնը ունի: Հարիւրամեակի կոթողային տեսիլքի տագնապին սաղմնաւորումը գուցէ սկսած էր արդէն յիսնամեակէն անմիջապէս ետք:
Այսօր Մեծ Եղեռնի 97 ամեակն է: Տարի մըն է արդէն որ Երեւանի մէջ կազմուած է եւ կը գործէ ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ոգեկոչման Կեդրոնական Համազգային յանձնաժողովը: «Ասպարէզ» ի խմբագրին ակնոցով հայ ժողովուրդի «քաղաքական ղեկավարութիւնը տագնապը կ՛ապրի՛՝ աննախընթաց տարողութեամբ եւ շռնդալից միջոցառումներով պատրաստուելու 2015ին»: Հազար երանի այդ ակնոցը ունեցողներուն որովհետեւ, հակառակ նոյն ազգային եւ քաղաքական դաշտին մէջ շնչած ըլլալու իրականութեան ես այդ լաւատեսութիւնը կը դժուարանամ բաժնելու: Գուցէ «Ասպարէզ» ի խմբագիրը իր մեզ ուղղած կոչին մէջ աւելի ճշմարիտ էր եւ անոր նայուածքը աւելի սուր երբ արդարացիօրէն կը հաստատէ թէ «հայութիւնը անհանգիստ» է հարիւրամեակի սեմին:
Ճշմարիտ է որ հարիւրամեակը հանգրուանային անկիւնադարձ մըն է միայն եւ հակառակ բոլոր պատահելիքներուն, ոչինչ կը փոխուի եւ պիտի փոխուի ոճիրի ահաւորութենէն եւ հայազուրկ, որբացած եւ կորսուած հայրենիքի մը իրականութենէն՝ Ապրիլ 25, 2015ին:
Եւ սակայն տառապող, տագնապող եւ անհանգիստ հայ անհատին համար հարիւրամեակը հոգեբանական պատուար մըն է, որու առանց կոթողային տեսիլքով մը յաղթահարումը՝ անպայման կը խորացնէ վէրքը, կը շարունակէ կոտտացող ցաւը եւ կը կորսնցնէ յարաբերաբար մեծ յաղթանակով մը զսպանակուելու ակնկալուած պատեհութիւնը:
Իսկ ի՞նչ է մեր վիճակը այսօր:
Սփիւռքահայ ազգային գետնի վրայ տակաւին զուրկ ենք, մերկ ենք, այնքան ծամծմուած, այնքան շեփորահարուած, այնքան կրկ-նուած եւ մեր պահանջատիրութեան հաւաքական պայքարի ճանապարհին՝ այնքան անհրաժեշտ նկատուած Կեդրոնական միացեալ Մարմնէ մը՝ ուր վարձատրուած եւ արհեստավարժ մասնագէտներու մէկտեղումով եւ ֆինանսական եւ տնտեսական հաւաքական միջոցներու միաձուլումով միջազգային բոլոր «առ որ անկ է» ատեաններու օրակարգին վրայ ներգործօն կերպով պիտի կարենայինք արծարծել եւ հետապնդել Մեծ Ոճիրին դատապարտումը եւ անոր նիւթական, բարոյական եւ հողային հատուցումը:
«Կոտոյին Սպասելով»՝ արդեօ՞ք:
Կան ու կային ծրագիրներ, որոնք գուցէ գոհացնէին եթէ ոչ «կոթողային տեսիլք»ը ինքնին, այլ փոխարինող յաղթանակի դափնիներ ապահովէին մեզ:
Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի սրտին մէջ նորակերտ «Ցեղասպանութեան Թանգարան»ը անոնցմէ գլխաւորն է զոր կը մտաբերեմ: Տասնեակ տարիներու ծրագրում, բազմամիլիոն տոլարներու սպառում եւ մարդկային մտքի, սրտի եւ հոգիի տագնապ (անհեթեթ վէճերու պատճառով) վերածուած են անշնչացած եւ եթերացած ոչնչութեան մը՝ սպասելով այո, նոյն Կոտոյին. արդեօ՞ք: Մինչ ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մեծագոյն պարգեւը այս պարագային գուցէ շահած կ՛ըլլան Ուաշինկթընեան իրաւաբանական գրասենեակներ:
Վերջին տասնամեակին Քալիֆորնիոյ մէջ ալ նմանօրինակ կոթողի մը իրականացման ծրագրի մը մասին յաջորդաբար հրապարակաւ արտայայտած տեսիլքս մնաց «ձայն բարբառոյ յանապատի», Ուաշինկթընեան փորձառութենէն ետք՝ գուցէ արդարօրէն: Արդարեւ, 90ամեակէն ի վեր, Քալիֆորնիոյ մէջ հայ ժողովուրդի կուտակած գրական, գեղարուեստական, հայրենակցական, ազգագրական եւ մշակութային հարստութեան ապագայով մտահոգ եւ «Ո՞ւր հաւաքել աւանդը» ահազանգով փնտռեցի երազողներ, որոնք գուցէ ինծի հետ բաժնէին հարիւրամեակի առիթով Քալիֆորնիոյ մէջ հայ ժողովուրդին նուիրուած «Տուն – Թանգարան – Գրադարան»ի մը երազը: Կոթող մը, զոր միաժամանակ պիտի ծառայէր՝
1- Փրկելու Միջին Արեւելքէն Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած ու կորուստի դատապարտուած մեր գրական, ազգագրական եւ մշակութային ժառանգութիւնը:
2- Ստեղծելու պրպտող-ուսումնասիրող ուսանողին համար գիտական մասնագիտական կեդրոնական աղբիւրներու ու տեղեկութեանց շտեմարան մը:
3- Արտայայտելու հայ ժողովուրդին երախտագիտութիւնը այն երկրին հանդէպ, որ վերջին հարիւրամեակի ընթացքին դարձաւ հայ ժողովուրդի գաղթական զաւակները սիրայօժար հիւրասիրող ջերմ օրրան մը:
4- Բարձրացնելու՝ հարիւրամեակը ոգեկոչող կենդանի կոթող մը:
Տեսի՞լք թէ մղձաւանջ: Ո՞վ պիտի դատէ:
Հարիւրամեակը կոթողային տեսիլք կը պահանջէ իսկ կոթողային տեսիլքը ծրագրելու եւ իրագործելու պարարտ հող՝ ազգային միաբանութեան եւ ջլապինդ եւ գօտեպնդուած հաւաքական կամքի:
Եղեռնի 97ամեակին, ես տակաւին դժբախտաբար այդ հողը չեմ տեսներ:
Բայց եւ այնպէս հրաշքի կը հաւատամ:
Հայ ժողովուրդի նկարագրին խոտոր չի համեմատիր ճնշումի տակ ստեղծագործելը:
Հարիւրամեակի առիթով տակաւին «աննախընթաց տարողութեամբ եւ շռնդալից միջոցառումներով» ծրագիրներ կրնա՛ն եւ պի՛տի յղացուին: Բայց ես, անտեսելով դաւանական տարբերութիւնները եւ Աստուծոյ շնորհքով 21 րդ դարու ճամբորդ մի՛սկ ըլլալուս, պիտի վերադառնամ Եղեռնի առաջին յիսնամեակի աւանդութեան եւ բարքերուն եւ Ապրիլ 24, 2015 ին պիտի մտնեմ Հայաստանեայց Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ սրբազան տաճառներէն մին՝ վերանալու զգլխիչ խունկի բոյրէն, անմահ շարականներու սրբազան մեղեդիէն եւ մոմ մը վառելու հայ ժողովուրդի անմեղ, անհամար եւ անգերեզման նահատակներու անժամանցելի յիշատակին: Գուցէ այդ ըլլայ իմ ամենավիթխարի, կոթողային իրագործումս:
zaven@kanjyanrealty.com
Ապրիլ 10, 2012