ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Որքա՞ն ուժեղ է մեր համայնքը: Ինչպէ՞ս կարելի է մօտաւոր պատկերացում մը ունենալ մեր համայնքի ուժին:
Իւրաքանչիւր միութիւն ամէն օր կը փորձէ իր շարքերը ուռճացնել եւ իր նիւթական հնարաւորութիւնները մեծցնել:
Համայնքին ուժը կրնա՞յ առանձին կազմակերպութիւններու հնարաւորութիւններու գումարով գնահատուիլ:
Չե՛մ կարծեր: Այստեղ ուրիշ տրամաբանութիւն մը կը գործէ: Եթէ այս միութիւններն ու կազմակերպութիւնները իրարու հետ չեն համադրեր իրենց գործունէութիւնը, եթէ անոնց ղեկավարները իրենց աշխատանքները ծրագրելու ատեն նկատի չեն առներ միւսներուն կարելիութիւնները, ապա մեր հաւաքական ուժը կարելի չըլլար կուտակումի հաշուարկներով կատարել: Կորուստներն ու կրկնութիւնները կը զրկեն համայնքը այնքա՛ն անհրաժեշտ միջոցներէ՝ մեր կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Ուժերը կա՛ն, եւ կրնան առաւել զօրանալ, ամրանալ: Բայց դարձեալ իրարմէ անջատ ու անկախ աշխատելով՝ հաւաքական ուժի կախարդական հզօրութեան չեն կրնար հասնիլ:
Այս մտածումը այսօր ցաւագնօրէն յաճախեց այս սիւնակը, երբ կարդացինք կողքի տեղեկագրութիւնը՝ «Հանրային ծառայութիւնների ոլորտի աշխատակիցների միջազգային միութեան՝ Հարաւային Կալիֆորնիայի Արհմիութեան ներքոյ ստեղծուած Հայկական կոմիտէ»ի գործունէութեան մասին: Կը խօսինք վեց հազար անդամներ ունեցող կազմակերպութեան մը մասին, որ կը ղեկավարուի լուրջ, հետեւողական ու նախաձեռնող գործիչներու կողմէ, եւ որ իր կառուցողական մօտեցումով պատրաստ կը թուի ըլլալ գործակցելու համայնքի այլ ուժերու հետ:
Կը թուի թէ կարիքը ունինք կախարդական ցպիկի մը, որ մէկ հարուածով կը ստեղծէ այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր մեր բոլոր տարտղնուած ուժերը կը գտնեն զիրար, կը ճանչնան զիրար, փոխադարձ յարգանքով կը համագործակցին իրարու հետ: Կրնա՞ք պատկերացնել այն ուժը, որ կը դառնայ մեր բոլորինը՝ համայնքինը, ազգինը, հայրենիքինը: