Հայ նորահաս սերունդին առողջ կրթութիւն տալը, եւ ի մասնաւորի անոր հայեցիամուր դաստիարակութիւն ջամբելը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղած է միշտ: Իսկ նոր սերունդներու առողջ եւ արդիւնաւէտ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու գործընթացը կը պայմանաւորուի մասնագիտացած, մանկավարժ, եւ ատակ ուսուցիչներու գոյութեամբ:
Վերջին տարիներուն, հայերէն լեզուի ու գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի դասաւանդութեան բնագաւառներուն մէջ, նշուած ստորոգելիները ունեցող ուսուցիչներուն թիւը հետզհետէ նահանջ կ՛արձանագրէ, հայկական շատ մը վարժարաններու մէջ, ամբողջ Սփիւռքի տարածքին: Եթէ հայերէնագիտական նիւթերու դասաւանդ կարող ուսուցիչներու թիւի նուազումը շարունակուի ներկայ ընթացքով, ոչ-հեռու ապագային մեր նորահաս սերունդի հայեցի կրթութեան ծրագիրները մեծ տագնապներու պիտի մատնուին:
Այս խնդիրին լուծում գտնելու ճիգին մէջ, եւ որպէս գործնական նախաքայլեր, առնուած են հետեւեալ նախաձեռնութիւնները:
Առաջարկուած է Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան, որ Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս հաստատուի հայերէնագիտական կրթութեան խտացուած ծրագիր մը: Առաջարկուած ծրագրի ուսումնական տեւողութիւնը պիտի ըլլայ երկու տարի: Ծրագրի աւարտին ուսանողը պիտի ստանայ Մագիստրոսի վկայական: Ծրագիրը պիտի ներառէ արեւմտահայերէնի, հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի դասաւանդման բաժիններ: Ծրագրին հետեւող ուսանողները մեծաւ մասամբ պիտի ըլլան Սփիւռքի վարժարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդելու համար պատրաստուող սփիւռքահայեր: Ծրագրին նպատակը պիտի ըլլայ նման ուսանողներու անհրաժեշտ հայերէնագիտական մասնագիտացում ջամբել: Այս առաջարկին գործադրութեան առնչութեամբ կը գտ-նուինք ծրագրումի հանգրուանի մէջ:
Հաստատուած է հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր մը, որ կազմուած է հետեւեալ երկու հանգրուաններէն.
Ա) Սփիւռքի հայկական վարժարանէ մը հայերէնագիտական նիւթերու մէջ լաւ արդիւնքներով շրջանաւարտ երիտասարդը/ուհին կը հետեւի մանկավարժական համալսարանական ծրագրի մը (Education), որուն աւարտին կը ստանայ BA-ի կամ Licence-ի վկայական: Այս առաջին հանգրուանը կ՛ամբողջացուի իր բնակած երկրին մէջ: Նոյն հանգրուանին կամ աւելի ուշ ուսանողը կ՛ամբողջացնէ Teaching Diploma-ի (Diplome dEnseignement) ծրագիր մը:
Բ) Երկրորդ հանգրուանով ուսանողը կ՛ամբողջացնէ վերը մատնանշուած Երեւանի Պետական Համալսարանի հայերէնագիտական մասնագիտացումի՝ Մագիստրոսի մակարդակի ծրագիրը:
Հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան այս ծրագիրը արդէն ընթացք առած է: Մէկ ուսանող արդէն իսկ սկսած է հետեւելու իր Licence dEducation-ի ծրագրին:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը պատրաստ է հոգալու այս ծրագրին հետեւող առաջին մի քանի ուսանողներուն ուսման եւ Հայաստանի մէջ կեցութեան ամբողջական ծախսերը: Աւելի մեծ թիւով ուսանողներու ծախսերը հոգալու համար, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը պատրաստ է գործակցելու կրթական կամ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու կամ կառոյցներու հետ: Նաեւ կը ծրագրուի հիմնել այս նպատակին սատարող յատուկ հիմնադրամներ, հայցելով օժանդակութիւնը ազնիւ եւ հոգածու ազգայիններու:
Այս ուսանողներէն պիտի պահանջուի գրաւոր համաձայնագրով մը ստանձնել բարոյական պարտաւորութիւնը, ուսումը աւարտելէ ետք, առնուազն եօթը տարի հայկական վարժարանի մը մէջ պաշտօնավարելու իբրեւ հայերէնագիտական նիւթի ուսուցիչ:
Արդ, սոյն հաղորդագրութեամբ կը փափաքինք յայտարարել, թէ այս ծրագիրը մեկնարկուած է արդէն: Ապա նաեւ գործակցութեան կոչ ուղղել հետաքրքրուած կրթական կամ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն: Գործակցութեան կոչ ուղղել նաեւ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն: Վերջապէս, հրաւիրել հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ այս ծրագիրով հետաքրքրուած աշակերտները, որ կապ պահեն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակին հետ (central@hamazkayin.com, 00961-4-715684):
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
18 Ապրիլ 2012