
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Այս տարուան Մայիսին Հայաստանի Ազգային արխիւը պիտի հրապարակէ երեք հատորէ կազմուած «Վշտապատում» գիրքը, ուր ներառուած պիտի ըլլան Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներու՝ 1916 թուականի վկայութիւնները: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուցած է Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան:
Ան նշած է, որ 1916ին մարդիկ շրջած են այն տարածքները, ուր գտնուած են հայ գաղթականներ, ու գրի առած են ութէն մինչեւ հարիւր տարեկան անձերու վկայութիւնները: «Նրանք պատմում են, թէ ի՞նչ է կատարուել իրենց բնակավայրերում, ինչպիսի՞ ջարդ է իրականացուել, ինչպէ՞ս են տղամարդկանց սպաննել, կանանց բռնաբարել, ինչպէ՞ս են վարուել երեխաների հետ…: Մենք ունենք մօտ հազար փաստաթուղ»չ, նշած է Վիրապեան ու աւելցուցած, որ արդէն ապահովուած է այդ վաւերագրութիւնները հրապարակելու համար անհրաժեշտ գումարը՝ ե՛ւ պետական պիւտճէին, ե՛ւ մոսկուայաբնակ հայ բարերարներու կողմէ:
Ա. Վիրապեան նաեւ նշած է, որ եռահատորեակը կազմելու ընթացքին դժուարութիւն ունեցած են տեղանուններու հարցով: «Իրենց տեսածը պատմել են արեւմտահայերը, բայց գրի են առել արեւելահայերը, ու որոշակի խնդիր հէնց այդ պատճառով է առաջանում: Մենք ցանկացել ենք, որ պահպանուի պատմողի եւ տեղի լեզուական առանձնայատկութիւնները: Այդ պատճառով, աշխատանքներում ընդգրկել ենք լեզուաբանների», յայտնեց ան:
Այն հարցումին, թէ արդեօք գիրքը կրնա՞յ արժէք ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ՝ Ամատունի Վիրապեան պատասխանած է. «Երբ մենք ասում ենք, որ զոհուել է 1.5 միլիոն հայ, դա երբեմն ոչինչ չի նշանակում, բայց երբ կան 1916 թուականի վկայութիւնները, ապա այն աւելի՛ մեծ ազդեցութիւն է ունենում մարդու վրայ: Այս փաստաթղթերից պարզորոշ երեւում է նաեւ Ցեղասպանութեան իրականացման մեքենականութիւնը»:
Ազգային արխիւի տնօրէնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ կը ծրագրուի նշեալ գիրքին երեք հատորները թարգմանել թրքերէն, ռուսերէն եւ այլ լեզուներով՝ զանոնք աշխարհին ներկայացնելու համար: Անոնք տեղ պիտի գտնեն նաեւ համացանցի վրայ:
Բացի այս երեք հատորներէն, պիտի տպագրուի նաեւ չորրորդ մը, որ պիտի պատմէ Կիլիկիոյ դէպքերուն եւ հայաթափութեան մասին: