
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Ապրիլ 1ին, Ծաղկազարդի տօնին օրը, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ ժամերգութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:30ին, որուն յաջորդեց Ս. պատարագը: Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հանդիսապետեց ժամերգութեան եւ Անդաստանի արարողութեան, որուն աւարտին օրհնութեան արժանի դարձուց տաճարի տիկնանց միութեան անդամները, որոնք նախորդող օրերուն յանձն առած էին ձիթենեաց ճիւղերուն պատրաստութիւնը: Պատարագը մատոյց եւ օրուան քարոզը տուաւ տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան: Դպրաց դասի ներդաշնակ երգեցողութիւնը կատարեց տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Արի. սրկ. Կեմիրալի, վերահսկողութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Գեղամ Աշճեանի:
Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկներուն թափօրը, որուն մասնակցեցան մանուկներ, որոնք ձիթենեաց ճիւղերով տաճարին մէջ հաւաքուած ժողովուրդին մէջէն քալեցին: Ապա կատարուեցաւ նաեւ «Դռնբացէք»ի աւանդական արարողութիւնը: