ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Բերիոյ թեմի առաջնորդարանը հաստատած է «Արտակարգ Իրավիճակներու Օժանդակութեան» Ֆոնտ մը՝ օժանդակելու համար ահաբեկչական արարքներու զոհ դարձած քաղաքացիներու ընտանիքներուն:
Այս առթիւ առաջնորդարանի հրապարակած յայտարարութեան մէջ գրուած է.
Սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապալի այս օրերուն, ահաբեկչական կոյր արարքներու զոհ կը դառնան անմեղ քաղաքացիներ, կորսնցնելով իրենց ստացուածքն ու կեանքը:
Ազգային, հայրենական ու քաղաքացիական պարտականութիւն է տագնապահար մեր նմաններուն օժանդակութիւնը եւ վերականգնումի ճիգերուն մասնակից հանդիսանալը:
Մեկնելով պահի հրամայականէն, թեմիս առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի ցուցմունքով եւ Ազգ. Վարչութեան որոշումով հաստատուած է
«Արտակարգ Իրավիճակներու Օժանդակութէան ՖՈՆՏ»ը, ուր պիտի կեդրոնանան Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան յատկացումին կողքին, մեր եկեղեցիներուն, միութիւններուն եւ անհատ բարեսէրներուն սրտաբուխ նուիրատուութիւնները, որպէսզի յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ հերթաբար տրամադրուին արտակարգ իրավիճակներու մէջ ակամայ յայտնուած մեր հայ ընտանիքներուն:
Ազգ. առաջնորդարանի եւ Թաղական խորհուրդներու քարտուղարութիւններուն մօտ ստացագիրներով եւ եկեղեցիներուն մէջ տեղադրուած նուիրահաւաքի սնտուկներուն մասնակցութեամբ, ճգնաժամի մէջ յայտնուած հայորդիներուն օժանդակելու առաջադրանքով, կոչ կ՛ուղղենք բոլորին սատար հանդիսանալու այս մարդասիրական նախաձեռնութեան: