ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Ապրիլ 14ին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1, «Մաշտոց» քոլեճի նոր համալիրին մէջ (744 Glendale Avenue, Glendale) տեղի պիտի ունենայ հայերէնի (արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն) յղկման ու բիւրեղացման նուիրուած աշխատանիստ մը:
Սահիկներու ցուցադրութեամբ պիտի ներկայացուին լեզուական շարք մը վրիպումներ եւ խորթ ու անճիշդ արտայայտութիւններ, որոնց գիտակցութեամբ եւ վերացումով պիտի խօսինք ճշգրիտ ու գեղեցիկ, աւելի յղկուած ու բիւրեղացած եւ ազդեցիկ լեզուով մը: Մասնակիցներուն պիտի տրուի պաշտօնական վկայագիր:
Նիւթը պիտի ներկայացնէ տոքթ. Օննիկ Հայրապետեանը:
Արձանագրութեան համար հեռաձայնել (818) 548-9345 թիւին, առաւօտեան ժամը 8էն կ.ե. ժամը 5:
Մասնակցութեան սակը 60 տոլար է: