
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Արփա» հասարակական կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Ապրիլ 5ին նախատեսուած Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու «լքուած» կալուածներու հարցին նուիրուած դասախօսական ձեռնարկը մէկ շաբաթով յետաձգուած է եւ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 12ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին: Ձեռնարկին բանախօսն է դոկտորականի թեկնածու Կարօ ՄոAմճեան:
Դասախօսութեան ընթացքին շեշտը պիտի դրուի Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացԱԱքին հայութենէն խլուած կալուածներուն եւ գոյքերուն վերադարձի հարցին վրայ՝ կեդրոնանալով այդ կալուածներու մասին Թուրքիոյ յաջորդական իշխանութեանց կողմէ 1914էն 1930ի միջեւ վաւերացուած օրէնքներուն վրայ: Հետաքրքրական է, որ թրքական իշխանութիւնները այս կալուածները կ՛որակեն իբրեւ «լքեալ» կալուածներ՝ դժուարացնելու համար զանոնք իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու գործընթացը:
Կարօ Մոմճեան ծնած է Լիբանանի Զահլէ քաղաքը, 1957ին. հայագիտական ուսմանց եւ պատմագիտութեան մարզերուն մէջ պսակաւոր արուեստից զոյգ վկայականներ ստացած է Պէյրութի Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկէն ու Լա Վըրնի համալսարանէն: Մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA), իսկ ներկայիս դոկտորական թէզը կ՛ամբողջացնէ «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1890-1909 տարիներուն» նիւթով: 1986էն ի վեր ան դասախօսի պաշտօններ ստանձնած է Լա Վըրնի համալսարանին ու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է «Մեսրոպեան» Ազգ. վարժարանի տնօրէնը: Ան հեղինակն է շարք մը դասագիրքերու ու ուսումնասիրութիւններու եւ արժանացած է շարք մը մրցանակներու. քաղաքական մեկնաբանութիւններ կը կատարէ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանէն ու մամուլի մէջ: Ան կը տիրապետէ քանի մը լեզուներու, յատկապէս՝ օսմաներէնի՝ ուսումնասիրական մակարդակով:
Դասախօսական վերոյիշեալ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: