ՀԱՈՒԱՅԻ.- «Տը Ասոշիէյթըտ Փրէս» գործակալութեան աշխատակից Ռոյ Էսոյեան կնքեց իր մահկանացուն։ Ան ծնած է ճափոնական ձկնորսական գիւղակի մը մէջ, երբ իր ընտանիքը 1919ին Ճափոն կը փոխադրուէր Ռուսիոյ մէջ պատահած պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք։ Չորս տասնամեակ ետք ան մեկնած է Խորհրդային Միութիւն, որպէս ամերիկացի լրագրող, սակայն Նիքիթա Խրուշչովի ու համայնավար այլ առաջնորդներու հետ իր բարեկամական հանդիպումներէն տարի մը ետք, իր արկածները, իբրեւ «Տը Ասոշիէյթըտ Փրէս»ի թղթակից, յանկարծ աւարտին հասան։ 1958ին ան կը վտարուի Խորհրդային Միութենէն, Միութեան ու Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւններու լուրջ խզումներու մասին «Տը Ասոշիէյթըտ Փրէս»ին մէջ լրատուութիւն տալու յանցանքով։
Խորհրդային Միութեան արտաքին նախարարութիւնը այդ մէկը այդ օրերուն նկատեց «Խորհրդային գրաքննութեան կոպիտ խախտում», սակայն Էսոյեան հաղորդեց այն, ինչ որ դիւանագիտական լեզուով կը կոչուի «Խորհրդա-չինական ճեղքում» եւ ատով շահեցաւ Մոսկուայէն արտաքսուելու «տոմսակ»։
Հոնկ Քոնկի մէջ Էսոյեան շարունակած է իր ասպարէզը, ճամբորդելով ամբողջ աշխարհը, կանգ առնելով Գահիրէի, Պէյրութի եւ վերջապէս Թոքիոյի մէջ։ 1985ին ան հանգստեան կոչուեցաւ ու մեկնեցաւ Հաուայեան կղզիներ, ուր 23 Մարտին մահացաւ 92 տարեկան հասակին։
Նշենք, որ Էսոյեան «բոլորի ուսուցի»չն էր Թոքիոյի մէջ։ Ճափոնական բոլոր թերթերու ղեկավարներէն մինչեւ երիտասարդ լրագրողներ, որոնք կ՛ուսանէին իր մօտ, կը վարակուէին իր անկեղծ ծիծաղէն ու կենսուրախութենէն։