ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան կառավարութեան նիստին ընթացքին անդրադառնալով «Արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի մասին» օրէնքին, որ երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումով վաւերացուեցաւ, ընդգծեց, որ անիկա քուէարկուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ կասկածելի կերպով։
«Այդ օրէնքը վտանգաւոր հետեւանքներ կարող է ունենալ եւ լուրջ պարտաւորութիւններ ստեղծել միջազգային մակարդակներում», նշեց ան։
Վ. Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ ՀՅԴն քաջ կը գիտակցի, թէ արտակարգ դրութեան ատեն պէտք է ունենալ յատուկ ստորաբաժանումներ։ «Բայց բացատրեցինք, պահանջեցինք, որ նման ստորաբաժանումում բանակը չլինի, մեզ չլսեցին, եւ այդ պատասխանատուութիւնը դրուեց բանակի վրայ, ինչը հակասահմանադրական է», հաստատեց ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴն քանիո՞վ կ՛ուզէ աւելցնել Ազգային ժողովի մէջ իր աթոռներուն թիւը եւ արդեօք հաւանակա՞ն է, որ նոր կառավարական դաշինք ձեւաւորուի, Յովհաննիսեան ըսաւ, որ ՀՅԴին համար անհրաժեշտ է այնքան աթոռ, որ նման դաշինքներու կարիք չըլլայ։
Ներկայ իշխող կուսակցութեան կողմէ հաւատք բառը նախընտրական կարգախօսներու մէջ տիրական կերպով օգտագործելու վերաբերող հարցումին պատասխանելով՝ Վ. Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ այդ մէկը փաստ է այն մասին, թէ իշխանութիւնները ուրիշ ձեւ ու տուեալ չունին ժողովուրդը համոզելու՝ յօգուտ իրենց քուէարկելու։
«Հաւատը քաղաքականացնելու համար պէտք է դրա իրաւունքն ունենալ։ Այդ իրաւունքը մեր իշխանութիւնները մսխել են։ Ցանկացած իշխանութիւն ունի հաւատի եւ վստահութեան պաշար, եւ եթէ վատնեցիր ու մսխեցիր այն ամենաանտաղանդ ձեւով, յետոյ որքա՛ն էլ ուզես, ի՛նչ էլ ուզես գրաւ դնել՝ այդ պաշարը վերականգնել չես կարող», յայտնեց Յովհաննիսեան։
«Երբ նայում ես համամասնական եւ մեծամասնական ցուցակները, տեսնում ես, որ սայլը, որը հաւատի պարագայում խոստանում են շարժել, լծուած է տեղից դժուար շարժուող նոյն քարերով», ընդգծեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորը։