ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան եւ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին, Կիրակի, Մարտ 11ին, կ.ե. ժամը 1ին, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 121ամեակի տօնակատարութիւնը՝ ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներու, համակիրներու եւ Չարլի Քէյեան Համագաղութային վարժարանի ծնողներու՝ շուրջ 100 հոգի:
Օրուան հանդիսավար Ռոզի Պետրոսեան, բեմ հրաւիրեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ Վահան քահանայ Կոստանեան, որպէսզի Տէրունական աղօթքով հանդիսութեան բացումը կատարէ: Ապա բեմ բարձրացաւ Հայկօ Օհաննէսեան եւ մեկնաբանեց ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները:
Հանդիսավարը, շարունակելով իր խօսքը՝ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ անդրադառնալով օրուան հանդիսութեան՝ ըսաւ. «Տօնակատարութիւնները վերյիշումի եւ վերանորոգումի առիթներ են, որոնք ամէն տարի կը կատարուին՝ մեր մէջ արթնցնելով անցեալի պատմական երեւոյթները»:
«Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի հերթապահ Սագօ Կէօպաշեան, իր մտորումները կեդրոնացուց դաշնակցութեան հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ. առաջին՝ Դաշնակցութիւնը ուխտած է միշտ ժողովուրդին հետ ըլլալ եւ ուխտած է սկսուած գործը շարունակել, երկրորդ՝ պողպատեայ կարգապահութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է դաշնակցականին համար:
Ապա, պատասխանելով այն հարցումին, որ միշտ կը կրկնուի, թէ ի՞նչ է այս կուսակցութեան գաղտնիքը՝ Կէօպաշեան ըսաւ. «Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կուսակցութիւն մը ըլլալէ աւելի, դարձած է երկրորդ կրօնական համոզում»:
Պօղոս Հանտեան ապրումով արտասանեց Ժագ Յակոբեանի «Մենք» քերթուածը:
Բեմ բարձրացաւ օրուան պատգամաբեր Քրիստափոր Կիւլճեան, որ անգլերէնով անդրադառնալէ ետք օրուան տօնակատարութեան, ծանրացաւ Հայ Դատի գործունէութեան վրայ. ընկերոջ պատգամը առանձինն պիտի տրուի հետագային:
Անակնկալ բեմ հրաւիրուեցաւ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, որ Ֆրեզնօ կը գտնուէր: Մեծարգոյ հիւրը, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի ՀՅԴ 121ամեակի տօնակատարութեան, եւ շնորհաւորելէ ետք ՀՅԴ 121ամեակը՝ ըսաւ. «Այս ձեռնարկները պէտք է մեր մէջ արմատացնեն ազատութեան եւ անկախութեան ոգին»: Շարունակելով իր խօսքը՝ ան անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին եւ քաղաքական կացութեան, ու որպէս եզրակացութիւն՝ յայտարարեց. «Հայաստանը մեր բոլորի՛ն է»:
Տօնակատարութեան իրենց բաժինը բերին Չարլի Քէյեան Համագաղութային վարժարանի աշակերտները՝ արտասանութեամբ եւ երգերով, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցաւ DVD մը՝ ընկերակցութեամբ նուագի: Որքան փափաքելի էր եւ ուրախալի երեւոյթ պիտի հանդիսանար, եթէ Դաշնակցութեան 121ամեակի այդ տօնակատարութեան, մեր մանուկներուն շրթներուն վրայ ծաղկէին ֆէտայիներուն նուիրուած երգեր, այլ ոչ թէ զէյթունցիներու եւ Վարդանանց ասպետներու քայլերգները, հակառակ անոր, որ այդ բոլորը մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ իրենց արժանի տեղը ունին. սակայն, պատշաճութիւնները պէտք է յարգուէին:
Կիրակի, Մարտ 11ին, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ կ՛ոգեկոչուէր ՀՅԴ 121ամեակը, այլ ոչ՝ Զէյթունի ապստամբութեան եւ Վարդանանց հերոսներուն յիշատակը. Դաշնակցութեան 121ամեակի տօնակատարութեան բացակայ էին դաշնակցական հերոսներուն նուիրուած երգերը. երեւոյթ մը, որ այպանելի է ներկայ ժամանակներուն, երբ «Եղբայր ենք մենք» նշանաբանով միասնաբար կը դիմագրաւենք հայ ժողովուրդին դէմ ծառացող մարտահրաւէրները: