
ՓԱՏԻԶ.- Փարիզի մէջ իրականացող գիրքի միջազգային 32րդ ցուցահանդէսին ընթացքին, խումբ մը հայ երիտասարդներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Թուրքիոյ տաղաւարին մօտ՝ ի նպաստ բանտարկուած Ռակըպ Զարաքօլուի լօզունգներ բացագանչելով եւ Թուրքիոյ մէջ ազատութիւններու ոտնահարման դէմ բողոքելով:
Հաւաքուած երիտասարդները հնչեցուցին «Ո՛չ ժխտողականութեան», «Ազատութիւն Զարաքօլուի», «Ազատութի՛ւն բանտարկուած լրագրողներուն», «Դադրեցնել «Պելկէ» հրատարակչութեան դէմ ճնշումները» կարգախօսները:
Ցոյցէն ետք Թուրքիոյ տաղաւարի պատասխանատուները բողոքեցին այն բանին համար, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը անվտանգութեան որեւէ միջոցառում չէ իրականացուցած ընթացքին: Ներկայ ժողովուրդը ծափահարութիւններով մասնակցած է հայ երիտասարդներու ցոյցին:
Նշենք, որ թուրք գրող, հրապարակախօս, հրատարակիչ, իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու ձերբակալուած է «Քիւրտիստանի հասարակութիւններու միութեան» հետ գործակցելու ամբաստանութեամբ: Ան անցեալին եւս հալածանքի ենթարկուած է Թուրքիոյ մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր հրատարակած գիրքերուն պատճառով: Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի՝ դատախազ Ատնան Չիմենի կողմէ պատրաստուած մեղադրական եզրակացութեան մէջ, Ռակըպ Զարաքօլուի եւ փրոֆ. Պուշրա Էրշանլըի (որ նոյն օրը ձերբակալուած էր նաեւ) հետ միասին կային 193 մեղադրեալներ, որոնցմէ 147ը արդէն ձերբակալուած եւ կալանաւորուած է: