ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ պատմաբան-գրող Վոլքան Շենել «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան արխիւներուն մէջ ստուգած է, որ երեք օսմանցի հայեր Գոճաէլիէն մասնակցած են Չանաքքալէի պատերազմին։ Անոնք մասնակցած են որպէս կամաւոր զինուորներ, որովհետեւ այդ շրջանի ոչ-իսլամներուն համար ստիպողական զինուորական ծառայութիւն չկար ու ոչ-իսլամները միայն կամաւոր կերպով կը զինուորագրուէին։ «Այս բացատրութիւնը տալէ ետք Շենել ըսած է, որ ինք գոնէ կրցած է ստուգել Թուրքերու կողքին կռուած երեք հայերու ինքնութիւնը։ Այս զինուորները հոն պարտականութիւն կը տանէին որպէս թարգմանիչներ, կամ թեքնիք հարցերու օժանդակողներ», կը գրէ «Մարմարա»։ Շենել կը յայտնէ, որ ինք այս բոլորը կը հրապարակէ, որպէսզի յիշեցնէ, թէ հայերն ու թուրքերը, որոնք երկար ժամանակ կողք կողքի ապրած են, խորունկ դասեր կրնան քաղել Չանաքքալէի մէջ մարտնչած հայ զինուորներու օրինակէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.