ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան 21 Մարտին լրագրողներուն ներկայացուց Դաշնակցութեան կարգախօսը, որով կուսակցութիւնը կը պատրաստուի մասնակցելու Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
«Ազատութիւն, արդարութիւն, դաշնակցութիւն. սա է մեր կարգախօսը, ընդ որում՝ դաշնակութիւն ասելով մենք միայն կուսակցութեան անունը նկատի չունենք, այլեւ դաշնակցութիւն՝ բառիս բուն իմաստով», նշեց Ռուստամեան եւ աւելցուց, որ ըլլալով ընկերվարական կուսակցութիւն՝ Դաշնակցութիւնը այս անգամ եւս ընտրութիւններուն կը մասնակցի զուգահեռաբար երկու զինանշաններով կուսակցութեան զինանշանը եւ ընկերվար միջազգայնականի նշանը: