
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կիտօ Ուեսթըրուէլ 16 Մարտին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Ան ծաղկեպսակ զետեղեց 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին դիմաց եւ ծաղիկներ՝ անմար կրակի մօտ:
Նախարարը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանը, որ հիւրին ներկայացուց 20րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճիրներէն մէկուն պատմութիւնը եւ յուշարձանին խորհուրդը: Կիտօ Ուեսթըրուէլի կ՛ընկերակցէր Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հանս Եօհան Շմիդտը: