
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Փետրուար 26ին, Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած Ս. պատարագին ընթացքին նոր «Փոքրիկ կնքահայրեր»էն ոմանք հայերէնով եւ անգլերէնով հատուածներ կարդացին Աւետարանէն: Ապա սրբազանը իր մօտ հրաւիրեց տաճարի կնքահայրերէն տէր եւ տիկին Ռէյ եւ Անի Յարութիւնեան ամոլը, եւ գնահատեց, որ ամոլը իր երկու փոքրիկ զաւակները «Փոքրիկ կնքահայրեր» արձանագրած էր, ապա խորհրդանշանական նուէր յանձնեց ամոլին, օրհնեց բոլոր փոքրիկները, անոնց ծնողներն ու համայն հաւատացեալները եւ յայտարարեց, թէ ամէն տարի Փետրուար ամսուն վերջին Կիրակին պիտի նուիրուի «Փոքրիկ կնքահայրեր»ուն:
Սրբազանը իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց «Փոքրիկ կնքահայրեր»ու յանձնախումբին՝ ատենապետութեամբ Ալիս Չագըրեանի:
Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 1988 թուականին Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ Ատրպէճանի կառավարութեան կողմէ սպաննուած հայորդիներու հոգիներուն համար:
Արարողութեան աւարտին ներկաները առաջնորդուեցան դէպի Մայր տաճարի հարաւային պատը, ուր սրբազանը յատուկ աղօթքով նուիրագործեց նոր «Փոքրիկ կնքահայրեր»ուն ծրագիրը խորհրդանշող նռնենին եւ օրհնեց բոլոր փոքրիկները:
Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: