
ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսուազ Արտիլիէ-Քարասի եւ Օլիվիէ Պալապանեանի գրիչէն եւ Յարութիւն-Ռեմոն Գէորգեանի աշխատակցութեամ, «Լեզ Արտան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է «Armenie russe-Aventures scientifiques a l’epoque des tsars, 1909-19140» հատորը: Այս հրատարակութիւնը մեծարանք մըն է ծանօթ երկրաբան Փիեռ Պոնէին, որ լայնածիր հետազօտութիւններ կատարած է Կովկասի եւ Հայաստանի մէջ:
«Ֆրանսացի ճանչցուած երկրաբան եւ դասախօս, փրոֆ. Փիեռ Պոնէ եւրոպայի այն գիտնականներէն մէկն էր, որ ականաւոր երկրաբաններու, ակադեմիկոս Հ. Ապիխի, փրոֆ. Վ. Օսուալտի եւ ուրիշներու հետքերով, 20րդ դարու սկզբնաւորութեան եկաւ Հայաստան եւ բազմամեայ հետազօտութիւններ ծաւալեց հարաւային Կովկասի մէջ:
«Փ. Պոնէի ուսումնասիրութիւնները չէին սահմանափակուիր միայն երկրաբանութեամբ: Անոր հետաքրքրութիւններու շրջանակները կ՛ընգրկէին նաեւ պատմական, ազգագրական, բնագիտական եւ այլ հարցեր: Փ. Պոնէի ձգած գիտական ժառանգութիւնը, բացի երկրաբանական նկարագրութիւններէ, հարուստ է նաեւ հայ մարդկանց կեանքին եւ աւանդութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ փաստագիրներով եւ լուսանկարներով», կը կարդանք գիքի նախաբանին մէջ: