ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հրանդ Տինքի իրաւապաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Տինքի դէմ կատարուած յանցագործութիւնը պէտք չէ անպատիժ մնայ:
Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի՝ Չեթին յիշեցուցած է Թուրքիոյ վարչապետին այն խօսքերը, թէ Տինքի դատավարութիւնը «պիտի չ՛անհետանայ Անգարայի միջանցքներուն մէջ», եւ կոչ ըրած է Էրտողանին, որ յարգէ իր խոստումը եւ պատժէ ոճիրին պատասխանատուները:
«Անհրաժեշտ քայլեր առէ՛ք. մի՛ արտօնէք, որ այս յանցագործութիւնը եւս, միւսներուն նման անհետանայ Անգարայի միջանցքներուն մէջ, հակառակ պարագային՝ այդ մթութիւնը կը շարունակէ սպառնալ ոչ միայն մեր ներկային, այլ նաեւ՝ ապագային: Այս հարցին պարզաբանումը ապագայ սերունդներուն առջեւ մեր պարտքն է», նշած է Չեթին՝ խօսքը ուղղելով Էրտողանին:
Իր կարգին, Տինքի կինը՝ Ռաքել Տինք, նշելով Հրանդին հասցէին կատարուած տարբեր սպառնալիքները՝ հարց տուած է, թէ այն ատեն ո՞ւր եղած են Թուրքիոյ վարչապետը, ներքին գործոց նախարարը, արդարադատութեան նախարարը, հետախուզական եւ ապահովութեան մարմինները: «Անոնք իրաւունք չունէին անտեսելու, կոյր ձեւանալու, խուլ ըլլալու», նշած է ան՝ թուրք պաշտօնատարներուն աշխատանքը նմանցնելով «Երեք կապիկներ»ուն, որոնք չեն փափաքիր լսել, խօսիլ կամ տեսնել, եւ այդպիսով աջակից եղած են յանցագործութեան:
«Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը այն դատավարութիւնն է, որ ցոյց պիտի տայ արդարութեան նկատմամբ Թուրքիոյ ունեցած դիրքորոշումը», եզրակացուցած է Ռաքել Տինք: