ԵՐԵՒԱՆ.- 15 Մարտին Հայաստանի մէջ ընթացք առաւ ֆրանսախօսութեան ամիսը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած համադրումով Հայաստանի մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնների, Երեւանի քաղաքապետարանի, Հայաստանի համայնքներու միութեան, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի, Գանատայի, Եգիպտոսի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Զուիցերիոյ դեսպանատուններու, Հայաստանի կարգ մը համալսարաններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ մշակուած է ծրագիրներու թղթածրար մը։
15 Մարտէն 23 Ապրիլ երկարող ժամանակաշրջանին Երեւանի եւ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ պիտի կազմակերպուին շուրջ 250 ձեռնարկներ, որոնք պիտի նուիրուին ֆրանսախօսութեան։ Նախաձեռնութիւնները պիտի ունենան մշակութային, գեղարուեստական, կրթական եւ այլ բնոյթ:
Ձեռնարկներուն պիտի մասնակցին հայ, պելճիքացի, ֆրանսացի, գանատացի, լեհ, զուիցերիացի եւ այլ արուեստագէտներ։
Ամսուան պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի 16 Մարտին Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ Ճորճ Պիզէի «Քարմէն» օփերայի բեմադրութեամբ: