ԵՐԵՒԱՆ.- Henaran.am-ի կողմէ փոխանցուած հաւաստի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ժառանգութիւն»ը Մայիսի 6ին կայանալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանձին ցանկով, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան «Ազատ դեմոկրատների» հետ դաշինք պիտի չկազմէ:
Կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ «Ժառանգութեան» ղեկավարները պարզապէս չեն ուզած իրենց դիրքերը զիջել, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջին վեցեակին մէջ ներառել նաեւ «Ազատ դեմոկրատներ»ու ներկայացուցիչներ:
«Ժառանգութեան» ցանկին մասին տակաւին հաւաստի տեղեկութիւններ չկան, սակայն, ըստ տեղեկութիւններուն, յստակացած է, որ պատգամաւոր դէմքերը մեծամասնական կարգով պիտի առաջադրեն իրենց թեկնածութիւնը։